2018-03-13 09:37:00

Հինգ տարիներ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգ տարիներ առաջ, 13 մարտ 2013-ին, Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետի ներկայացուցած հրաժարականէն ետք, Կարդինալական դասը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կ՛ընտրէր որպէս Սուրբ Պետրոսի 266-րդ յաջորդ։

Այդ յիշարժան թուականէն անցած են ահա հինգ տարիներ որոնց ընթացքին կարողացանք մօտէն ճանչնալ աշխարհի ծայրէն եկած՝ Յիսուսեան առաջին Քահանայապետ, Լատին Ամերիկայէն ժամանած Եորկէ Մարիօ Պերկոլիօ Պապը որ հինգ տարիներ առաջ աշխարհին ներկայացաւ Ֆրանչիսկոս անունով՝ Ասիզացիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի նման պահանջելով աղքատներու համար աղքատ եկեղեցի մը։

Եթէ ուզենանք հաշուեկշիռ մը ներկայացնել  քահանայապետութեան այս հինգ տարիներու ընթացքին, կրնանք հաստատել թէ Սրբազան Քահանայապետը այս շրջանին հրապարակեց երկու յորդորագի ներ՝ մէկը հաւատքի մասին «Հաւատքի լոյս» վերտառութեամբ եւ որ շարունակութիւնն է Պենետկկտոս ԺԶ գրութեան եւ միւսը նուիրուած հասարակաց տան «Գովեալ Ըլլաս» յորդորագիրը։

Ան ապա հրապարակեց երկու առաքելական նամակներ՝ «Աւետարանի ուրախութիւնը» որ կը կազմէ Ֆրանչիսկոս Պապին քահանայապետութեան ծրագրային փաստաթուղթը յատկանշուած դէպի դուրս եւ առաքեալ եկեղեցիով մը, ապա «Սիրոյ ուրախութիւնը»՝ հայող ընտանեկան սիրոյն ու կեանքին։ Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց ապա 23 ինքնագիր նամակներ հայող եկեղեցւոյ ու Հռոմի Քուրիայի բարեփոխումներուն ու այս հինգ տարուայ ընթացքին գումարեց եպիսկոպոսական երկու սիւնհոդոսներ նուիրուած ընտանիքին, ինչպէս նաեւ հռչակեց Ողորմութեան նուիրուած արտակարգ յոբելեան մը։

Գալով միջազգային ճամբորդութիւններուն, հինգ տարուայ ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը կատարեց 22 առաքելական ճամբորդութիւններ որոնց ընթացքին այցելեց 30 երկիրներ մինչ Իտալիոյ տարածքին կատարած հովուական այցելութիւններու թիւը հասաւ 17-ի։  

Չորեքշաբթի օրուան ընդհանուր ունկնդրութիւններու մասին խօսելով նշենք թէ Ան որպէս խորհրդածութիւններու շարք ներկայացուց 8 նիւթեր. Հաւատքի դաւանումը, Սուրբ Հոգիին պարգեւները, Եկեղեցին, Ընտանիքը, Ողորմութիւնը, Քրիստոնէական Յոյսը եւ Սուրբ պատարագը»։ Սրբազան Քահանայապետը ապա  Սանդա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագներու ընթացքին արտասանած է մինչեւ օրս աւելի քան 600 սրտաբուխ քարոզներ, մինչ Անոր Թուիթըրեան կայքին հետեւորդներու թիւը գերազանցած է 46 միլիոնը եւ Ինսթակրամի բաժանորդներու թիւը գերազանցած է 5 միլիոնը, առանց հաշուի առնելու բազմաթիւ նամակներն ու պատգամները ինչպէս նաեւ միլիոնաւոր անձերու հետ անոր ունեցած յատկանշական հանդիպումները։ 

Առաջին Յիսուսեան Քահանայապետը, առաջինը որ որոշեց առնել Ֆրանչիսկոս անունը, առաջինը որ եկած է Լատին Ամերիկայէն որպէս փափաք ունենալով՝  Դռները բաց Եկեղեցի մը,  որ գիտնայ ուրախութեամբ հռչակել Աւետարանի ուրախութիւնը։ Հիւրընկալ եկեղեցի մը։ Արկածախնդիր Եկեղեցի մը որ գիտէ հասնիլ ամենուրէք՝ մինչեւ արուարձանները, եկեղեցի մը ողորմած ու քնքուշ, Յիսուսին դիմագիծով Եկեղեցի մը, որուն դերակատարը ու շարժիչ ուժը Սուրբ Հոգին է որ խտրականութիւն չի ճանչնար ու փրկութեան հրաւէրը կ՛ուղղէ բոլորին։

Քահանայապետը վեհանձնութեամբ յառաջ կը տանի Վատիկանի Վերին Իշխանութեան եկեղեցական կառոյցի բարեկարգումները, վճռակամ պայքարելով կղերապաշտութեան երեւոյթին դէմ, հրաւիրելով քահանաներն ու կղերականները ետդարձ կատարելու, նմանելու Յիսուսին, ըլլալու Հովիւներ, ծառաներ եւ ոչ թէ փառք փնտռող «ղեկավարներ»։ Այլ պայքար մը կը հայի 

«մանկամոլութեան» յատկապէս եկեղեցականներէ գործադրուած մանուկներու դէմ շահագործումին  որուն ի տես կը յորդորէ «զէրօ հանդուրժողականութիւն» որովհետեւ «Եկեղեցւոյ մէջ տեղ չի կայ անոնց որոնք մանուկներ կը չարաշահեն»։

Այս հինգ տարիներու ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը  մեզի սորվեցուց ձգտիլ ու խթանել հանդիպումի մշակոյթը, ամէն բնագաւառներու ներքոյ, ըլլայ եկեղեցական ըլլայ հասարակական, ըլլայ քաղաքական գետնի վրայ։ Խրախուսեց դիմել միութեան՝ առանց ոտնակոխելու ինքնութիւններն ու տարբերութիւնները։ Դատապարտեց զէնքի գործարաններն ու վաճառողները ու քննադատեց Քրիստոսներու դէմ մղուած հալածանքները, որոնք երէկ ինչպէս այսօր կը կատարուն իշխանութիւններու մեղսակցութեամբ»։ Կոչ ուղղեց ապա դադրեցնելու բռնութիւններ, պատերազմները ու անմեղներու սպանդը, վերջ դնելու մարդավաճառութիւնը ու արդի ստրկութեան երեւոյթներուն ու պաշտպանելու մարդուն արժանապատուութիւնը՝ յատկապէս աղքատներունը ու գաղթականներունը։

Ֆրանչիսկոս Պապին քահանայապետութեան բանալի բառը անկասկած կը մնայ «ողորմութիւնը», բառ մը որ յաճախ գայթակղեցուցիչ կրնայ համարուիլ, սակայն կը ներկայացնէ Աստուծոյ՝ արարչութեան նկատմամբ ունեցած սէրը, որուն միակ խոչնդոտը «կաշառակերութիւնն է», որովհետեւ կաշառակերը կը մերժէ աստուածային ողորմութիւնը։

Հինգ տարուայ քահանայապետութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապ չի զլացաւ  հաստատելու թէ Եկեղեցին Մայր է ու մօր նման պէտք է հոգ տանի իր զաւակներուն ըլլան անոնք մօտիկ կամ հեռու, ու այս ուղղութեամբ ուզեց շեշտել կնոջ դերակատարութեան կարեւորութիւնը եկեղեցւոյ կեանքէն ներս, կնոջ հետ միասին կարեւորեց նաեւ տարեցներու իմաստութիւնն ու դերակատարութիւնը նոր սերունդին փոխանցելու յիշողութիւն եւ ինքնութեան արմատները ու այս վերջիններս խրախուսելով չի վարանելու, յանդգնութեամբ դիմագրաւելու կեանքի մարտահրաւէրները  ընթանալով նաեւ հակահոսանք, անվախ վստահելով միակ իսկական յոյսին որ է Յիսուս Քրիստոս՝ մեր Տէրն ու Փրկիչը, որ աշխարհ եկաւ բացայայտելու համար Աստուծոյ անհուն սէրն ու ողորմութիւնը, Աստուծոյ անսահման գթութիւնը մարդուն։

Հինգ տարիներ անցան այն օրէն երբ հեռուէն եկած Քահանայապետը աշխարհին ներկայացաւ որպէս Հովիւ Քահանայապետ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.