2018-03-13 09:44:00

Հայաստան ԱՊՀ ամէնաաղքատ երկիրներու եռեակին մէջ է


Հայաստան ԱՊՀ տարածաշրջանին մէջ աղքատութեան ամենաբարձր ցուցանիշ ունեցող երկիրներէն է: Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներուն համաձայն` 2016 թուականին երկիրը աղքատութեան 29,4%-ով երրորդ տեղի վրայ է տարածաշրջանին մէջ:

Հաշուետու ժամանակահատուածին ԱՊՀ երկիրներու մէջ աղքատութեան ամենաբարձր մակարդակը արձանագրուած է Խրխզիստանի մէջ` 32,1%: Երկրորդը Տաճիկիստանն է` 30,3%-ով:

Ատրպէյճան ԱՊՀ տարածաշրջանին մէջ աղքատութեան ամենացած ցուցանիշը ունեցող չորրորդ երկիրն է. այս երկրին մէջ աղքատ է բնակչութեան ընդամէնը 5,9%-ը: Տարածաշրջանին մէջ ամենացած ցուցանիշը Ղազախիստանի մէջ` 2,6%: Ռուսիոյ մէջ աղքատ է բնակչութեան 13,5%-ը:








All the contents on this site are copyrighted ©.