2018-03-12 15:05:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 12 մարտի քարոզը. «Չըլլանք կայարանի մէջ կանգնած քրիստոնեաներ»։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 12 մարտ 2018-ին, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած  քարոզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ խօսեցաւ իսկական հաւատքին մասին մատնանշելով, որ իսկական հաւատքը կը կայանայ Աստուած փափաքելու Անոր հանդիպելու եւ Անոր հետ երջանիկ ապրելու մէջ: 

«Իսկական Քրիստոնեան կանգ չ՝առներ ստացած առաջին շնորհքին դիմաց այլ՝  միշտ յառաջ կ՝երթայ,  որովհետեւ Ան Տիրոջ հետ մնալու ուրախութիւնը կը փնտռէ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով, թէ Տէրը  իւրաքանչիւրիս հրաշք մը գործած է սակայն պէտք չէ կանգ առնել եւ անշարժ մնալ ընկալուած շնորհքին դիմաց, այլ պէտք է յառաջ ընթանանալ եւ շարունակել մեր ընթացքը՝ փնտռելով Աստուծոյ դիմագիծը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց, թէ կան բազմաթիւ քրիստոնեաներ, որոնք յառաջ չեն երթար.  Քրիստոնեաներ մխրճուած  ամենօրեայ բարի գործերուն մէջ սակայն չեն աճիր այլ փոքրիկ կը մնան ու կը նմանին՝ կայարանի մէջ կանգնած ու անշարժ քրիստոնեաներու:

Քրիստոնեաներ որոնք չեն գիտեր թռչիլ՝ երազելով այն գեղեցիկ իրողութիւնը, որուն  մեզ հրաւիրած է Յիսուս ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով, թէ «Իսկական քրիստոնեան գիտէ  ինքիզինք վտանգել եւ գիտէ դուրս ելլել իր ապահով վիճակէն»  ըսաւ  Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով քարոզը :








All the contents on this site are copyrighted ©.