2018-03-12 09:32:00

Չինաստան կը վերցնէ նախագահի պաշտօնավարման ժամկէտի սահմանափակումները


Չինաստանի խորհրդարանը երէկ վաւերացուց սահմանադրական փոփոխութեան նախագիծը, որ գործող նախագահ Սի Ծինփինին կարելիութիւն կու տայ անորոշ ժամանակով մնալու այդ պաշտօնին վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Նախապէս Չինաստանի սահմանադրութեամբ նոյն անձը կրնար նախագահի պաշտօնին վրայ մնալ ոչ աւելի քան երկու հնգամեայ նստաշրջան: 11 մարտին Ազգային ժողովրդական քոնկրեսի աւելի քան 3000 պատուիրակներ թեր քուէարկեցին սահմանադրական փոփոխութիւններուն:

Սահմանադրական փոփոխութիւններուն մէջ գոյութիւն ունի նաեւ ուշագրաւ կէտ մը, որով կառավարութիւնը կրնայ հակասահմանադրական յայտարարել նախագահ Սի Ծինփինի հասցէին կատարուած քննադատութիւնը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.