2018-03-12 09:27:00

Դամասկոս կը հերքէ Ղութայի մէջ ֆոսֆորի օգտագործումը


Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ «լաւատեղեակ աղբիւրներ» հերքած են, թէ սուրիական բանակը ֆոսֆորի եւ նափալմի զէնք օգտագործած է Արեւելեան Ղութայի մէջ:

Պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, թէ լաւատեղեակ աղբիւրները նշած են. «Ահաբեկչական խմբաւորումներուն եւ անոնց արեւմուտքցի հովանաւորներուն» կողմէ սուրիական բանակին դէմ օգտագործուող քիմիական զէնքի սուտին վրայ այսօր կու գայ աւելնալու ահաբեկչութեան տեղեկատուական թեւին կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուող ֆոսֆորի եւ նափալմի շուրջ սուտը, այդ ալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նոր նիստէն մէկ օր առաջ»:

Նշենք, որ զինեալ խմբաւորումները մէկ օր առաջ հաղորդած էին, որ Արեւելեան Ղութայի Արպին գիւղը ռմբակոծուած է նափալմ եւ ֆոսֆոր ռումբերով:

Մինչ այդ, սուրիական բանակը կը շարունակէ Արեւելեան Ղութայի տարբեր շրջաններու, մասնաւորաբար Մազարեհ Ժըսրէյնի եւ Աֆթրիսի մէջ իր գործողութիւնները: Սուրիական բանակը յայտարարեց, թէ Արեւելեան Ղութան բաժնած է երկուքի եւ Տումա քաղաքին մէջ գտնուող ահաբեկիչները առած է ամբողջական պաշարման տակ:

Արեւելեան Ղութայի զինեալները իրենց կարգին ռումբեր արձակած են Դամասկոսի եւ անոր գիւղական շրջաններուն դէմ` պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ: Ռմբակոծուած շրջաններու շարքին է Ժարամանան, ուր արձանագրուած են 4 զոհ, շարք մը վիրաւորներ եւ նիւթական մեծ վնասներ:

Սուրիական բանակը նաեւ յայտնեց, որ իր ուժերը հասած են Հարասթայի կէսը: Կը հաղորդուի, որ սուրիական բանակը շուտով կրնայ քաղաքի ազատագրումը յայտարարել: Հարասթայի պաշարման գործողութեան ընթացքին բազմաթիւ զինեալներ փախուստի դիմած են եւ ուրիշներ անձնատուր եղած:

Միւս կողմէ, բանակցութիւններ կ՛ընթանան Սաքպան, Համուրիէն եւ Քաֆար Պաթնան սուրիական բանակի գործողութեան ծիրէն դուրս պահելու համար: Նշենք, որ նշեալ գիւղերուն մէջ քանի մը անգամ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցած էին եւ Սուրիոյ դրօշը բարձրացուած` իբրեւ «վստահութեան նշան»:

Ռուսական հաշտութեան կեդրոնի բանբեր Վլատիմիր Զոլոթոխին յայտնեց, որ Արեւելեան Ղութայէն քաղաքայիններու եւ անոնց զուգահեռ զինեալներուն ու անոնց ընտանիքներուն դուրս բերման շուրջ զինեալներու հետ բանակցութիւնները յառաջդիմութիւն արձանագրած են:








All the contents on this site are copyrighted ©.