2018-03-12 10:50:00

Գերապայծառ Լատարիա. «Ֆրանչիսկոս Պապը մարդոց մօտիկ հովուական դիմագիծով քահանայապետ է»։


(Ռատիօ Վատիկան) 13 Մարտին կը նշուի Ֆրանչիսկոս Պապին քահանայապետ ընտրուելուն 5-րդ տարեդարձը որուն մասին արտայայտուելով՝ Հաւատոյ Ժողովի կառավարիչը Գերապայծառ  Լուիս Ֆրանչիսքօ Լատրաիա «Վատիկան Նիուզ» Վատիկանի լրատու գործականութեան յայտնեց. «Որպէս Քահանայ, տեսնել Քահանայապետ մը որ այնքան մօտիկ է մարդոց ու Աստուծոյ ժողովուրդին, Քահանայապետ մը որուն դիմագիծը երեւելիօրէն հովուական է, ինծի համար, հրաւէր է ըլլալու ու մենք մեզ զգալու Աստուծոյ Ժողովուրդին հովիւներ։ Քահանայապետը արդարեւ շատ անգամ ըսած է որ հովիւը պէտք է ոչխարներուն հոտը ունենայ ու այս մէկը մեզ կ՛օգնէ մօտիկ ըլլալու Աստուծոյ Ժողովուրդին որովհետեւ մենք անոր ծառաներն ենք։

Քահանայապետը կ՛ըսէ թէ «բուրգ» մը կայ որուն հիմքը կը կազմեն բոլորը, որոնց մէջ սակայն կան անձինք որոնք դրուած են ուրիշներու ծառայութեան եւ ոչ թէ հակառակը. «հակառակ կերպով կառուցուած բուրգ մըն է»։ Ահա այս պատկերը որ շատ յատկանշական ու գեղեցիկ է, կարող է մեզի բոլորիս օգնել որպէսզի մեր առաքելական պաշտօնը դառնայ գերզգայականօրէն հովուական» հաստատած է Գերապայծառ  Լատարիա։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.