2018-03-12 09:42:00

Բրիտանիան կը քննարկէ Ռուսիոյ դէմ հակաքայլերը, եթէ հետախոյզի թունաւորման հետ կապը ապացուցուի


Բրիտանացի պաշտօնատարները բանակցութիւններ կը վարեն Միացեալ Նահանգներու եւ եւրոպացի դաշնակիցներու հետ` Ռուսիոյ դէմ համակարգուած հակաքայլերու ձեռնարկման շուրջ, եթէ պարզուի, որ Բրիտանիոյ մէջ բնակող ռուս նախկին հետախոյզ Սերկէյ Սքրիփալի եւ անոր դստեր թունաւորման ետին կանգնած է Մոսկուան: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը նշէ, որ այս մասին կը հաղորդեն բրիտանական լրատուամիջոցները:

Բրիտանական «Տը Թայմզ» օրաթերթը կը գրէ, որ հակաքայլերու շարքին կը քննարկուին Ռուսիոյ մէջ այս ամառ տեղի ունենալիք ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութիւնը պոյքոթի ենթարկելէն մինչեւ Ռուսիոյ սահմանակից ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներուն մէջ զօրքերու քանակի յաւելումը: «Կը քննարկուին բազմազան տարբերակներ», թերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է բրիտանացի պաշտօնատար մը:

Բրիտանիոյ ներքին գործոց նախարար Ամպըր Ռուտ յայտարարած է, որ առայժմ «չափազանց կանուխ է» եզրակացութիւններու յանգիլ, թէ ո՛վ կանգնած է մահափորձին ետին, իսկ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճոնսըն ըսած է, որ Բրիտանիան կրնայ խստացնել Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցները, եթէ Մոսկուայի մեղաւորութիւնը ապացուցուի:

Քրեմլին կը հերքէ մեղադրանքները:

Մինչ այդ, նախկին հետախոյզին դէմ մահափորձի գործով հետաքննութիւնը կը շարունակուի: Սերկէյ Սքրիփալի եւ անոր դստեր` Եուլիայի վիճակը կը մնայ «կայուն ծանր»:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.