2018-03-12 11:27:00

13 մարտին կը յիշատակուի Գերապայծառ Ռահոյի սպանութեան 10-րդ ամեակը։


(Ռատիօ Վատիկան) 2008 թուականի 29 փետրուարին, ահաբեկչական խմբաւորում մը զինեալ յարձակում կատարելով Մոսուլի առաջնորդարանի դէմ՝ սպանեց երեք անձեր  ու պատանդ առաւ Թեմին Քաղդէացի եկեղեցւոյ առաջնորդը՝ գերապայծառ Փոլ Ֆարաժ Ռահոն։  Այդ առեւանգումին աւարտը եղաւ ողբերգական, տրուած ըլլալով որ երկու շաբաթներ ետք  առաջնորդին դիակը  յայտաբերուեցաւ Քարամայի շրջանին մէջ գտնուող փլատակ մէկ գերեզմանոցի մօտ։ Այդ օրէն անցան ահա 10 տարիներ ու Քաղդէացի Եկեղեցւոյ  Պատրիարք գերեաջնաիկ Լուիս Ռաֆայել Սաքոն, մեծ յուզմունքով ուզեց յիշել այդ դրուագը ու մեծարել Գերապայծառ Ռահոն ու անոր զոհաբերումը զայն նկատելով հաւատքի «իսկական մարտիրոս»։

«Ռահօ արքեպիսկոպոսին առեւանգումը ազդանշան մըն էր ուղղուած  բոլոր քրիստոնեաներուն որպէսզի վախէ մղուած հեռանային իրենց քաղաքներէն»  յայտնեց Սաքօ Պատրիարքը, յիշելով նաեւ թէ այդ օրերուն Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր ձայնը բարձրացուց պահանջելով Արքեպիսկոպոսին  ազատագրումը ու Իրաքին համար մաղթելով խաղաղութիւն։

Պատրիարք Սաքօ մատնանշեց նաեւ Իրաքի մէջ քրիստոնեաներու այսօրուայ իրավիճակին հաստատելով թէ «անոնք կը վայելեն որոշ ազատութիւն»  հուսկ խօսեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ յաճախ կրկնուած «արեան համամիութեան» մասին, ուր բոլոր քրիստոնեաները անկախ անոնց դաւանանքէն, ենթարկուած են  հարստահարումներու եւ հալածանքներու ու յաճախ սպաննուած իրենց դաւանած հաւատքին համար։

Պատրիարքը հուսկ նշեց թէ Ինք ու այլ քրիստոնեայ կրօնապետեր կոչ ուղղած են հաւատացեալներուն, յառաջիկայ 12 մայիսին իրենց մասնակցութիւնը բերելու երկրին օրէնսդրական ընտրութիւններուն, ընտրելով այն անձերը որոնք կը ձգտին կառուցելու խաղաղութիւնը  ու արմատախիլ ընելու վրէժխնդրութիւններն ու հակառակութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.