2018-03-11 12:14:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 11 Մարտի Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութինը։


(Ռատիօ Վատիկան) «Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը որ մինչեւ իսկ իր Միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ամէն մարդ որ հաւատայ Անոր չկորսուի, այլ ընդունի յաւիտենական կեանքը»։ Յովհաննէս Աւետարանիչէն քաղուած Յիսուսին կողմէ Նիկոդեմոսի ուղղուած այս խօսքերէն ներշնչուելով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, կիրակի 11 մարտ 2018-ի կէսօրին, ներկայացուց աւանդական Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութիւնը։

«Յիսուսին արտասանած այս խօսքերը համառօտն են քրիստոնէական աւետումին կեդրոնական նիւթին. նոյնիսկ երբ իրավիճակը անյոյս է՝ Աստուած կը միջամտէ, մարդուն շնորհելով փրկութիւնն ու ուրախութիւնը», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու հրաւիրեց մտիկ ընել այդ աւետիսին ու խուսափիլ մենք մեզմով բաւարարուելու փորձութենէն, թէեւ յարեց Ան՝ «Քրիստոնէութիւնը հեշտ մխիթարութիւններ չ՛առաջարկեր, դիւր-անցք մը չէ, այլ կը պահանջէ հաւատք եւ բարոյական առողջութիւն որ կը մերժէ չարը, եսասիրութիւնը ու կաշառակերութիւնը»։

«Քրիստոնէութիւնը ապա կը պարգեւէ վեհանձն յոյս մը՝ ողորմութեամբ հարուստ Հօր Աստուծոյ վրայ, որ մեզի պարգեւեց իր Միածին Որդին, ու Անոր հետ իր անհուն սէրը։ Յիսուսին Խաչը արդարեւ Աստուծոյ սիրոյ ամենամեծ ապացոյցն է՝ սէր որ կը բխի Հօր սրտէն»  ըսաւ ապա Քահանայապետը ու մէջբերեց աւետարանական այլ հատուած մը՝«Աստուած արդարեւ իր Որդին չղրկեց աշխարհ, որպէսզի աշխարհը դատէ, այլ որպէսզի անով փրկուի աշխարհը»։ «Մեզի կ՛իյնայ մեր սիրտը բանալ այդ պարգեւին, յատկապէս քառասնորդացի շրջանի ընթացքին, աւելի լաւ ընկալելու համար Աստուծոյ ողորմութիւնը որով կարող կ՛ըլլանք ապրիլ կեանք մը ոգեւորուած արդարութեամբ ու սիրով ու դառնալ Աստուածային սիրոյ վկաները, սէր որ չի պարգեւուիր միայն անոնց որոնք արժանի են, հատուցում չի պահանջեր, այլ կը նուիրուի ձրիաբար, ու առանց պայմաններու» հաստատեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Մարիամին՝ Ողորմութեան Մօր բարեխօսութիւնը, որպէսզի  մեզի մօտիկ ըլլայ այն պահերու ընթացիկն երբ մենք մեզ միայնակ կը զգանք, երբ կեանքի դժուարութիւններուն դիմաց կը վհատինք, ու մեզի հաղորդէ իր Զաւկին՝ Յիսուսին զգացումները, որպէսզի մեր քառասնորդացի ուղեւորութիւնը դառնայ ներումի փորձառութիւն, ընկալումի ու եղբայրսիրութեան փորձառութիւն։ 

Մարեմեան աղօթքը արտասանելէ ետք Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորները,  յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղելով ու գնահատելով՝ Հաղորդակցութեան Քարտուղարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած  “Vatican Hackathon” ծրագրին մասնակցողները, դիտել տալով թէ «գեղեցիկ է Աստուծոյ մեզի շնորհած խելացիութիւնը դնել ի ծառայութիւն կարիքաւորներու ու ճշմարտութեան։

Սրբազան Պապ հուսկ բոլորին մաղթեց բարի կիրակի ու խնդրեց որ բարեհաճին աղօթել իրեն համար։

Նշենք թէ յետմիջօրէին Նորին Սրբութիւնը, Սանդ էճիտիոյ հասարկութաեն հիմնադրութեան 50-րդ տարեդարձին առթիւ, կ՛այցելէ հասարակութեան՝ Հռոմի Թրասթեվերէ շրջանին մէջ գտնուող կեդրոնատեղին, ուր կը գլխաւորէ ժամասացութեան արարողութիւնը ու հանդիպում կ՛ունենայ հասարակութեան անդամներուն հետ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.