2018-03-11 13:30:00

«Աստուծոյ ողորմութիւնը անսահման է» Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 11 Մարտ 2018-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարկեց նոր թուիթ մը որուն մէջ մատնանշեց Աստուծոյ անհուն ողորմութեան ու մարդոց նկատմամբ ունեցած անսահման համբերութեան ու Անոր մեզի շնորհած հնարաւորութիւններուն՝ վերստին սկսելու ամէն անկումէ ետք։

«Ի՞նչ պիտի ըլլար մեր իրավիճակը եթէ Աստուած մեզի հնարաւորութիւն չտար վերստին սկսելու» գրեց Նորին Սրբութիւնը իր թուիթին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.