2018-03-10 13:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 10 մարտի թուիթը՝ «Աղօթքի կարեւորութիւնը»։


(Ռատիօ Վատիկան) «Եթէ աւելի ժամանակ յատկացնենք աղօթքի, մեր սիրտը կարող է յայտնաբերել այն թաքուն սուտերը որով մենք մեզ կը խաբենք ու կարող է նաեւ Աստուծոյ մէջ գտնել մխիթարութիւն»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին թուիթը որ հրատարակեց՝ շաբաթ 10 մարտ 2018-ին եւ որուն մէջ շեշտը դրաւ աղօթքի կարեւորութեան վրայ, աղօթք  որ է Աստուծոյ հետ երկխօսութիւն ու մտերմիկ յարաբերութիւն, որտեղէն քրիստոնեան կը քաղէ իր ուժը, յառաջ ընթանալու ու տարբեր աչքերով դիտելու իրականութիւնը։

Թուիթը հրաւէր մըն է ապա մասնակցելու «Տիրոջ համար 24 ժամ» ձեռնարկին որ սկիզբ առաւ երէկ երեկոյեան։ Ձեռնարկը իր կարգին հրաւէր է բոլոր հաւատացեալներուն՝ մօտենալու ապաշխարութեան՝ խոստովանանքի խորհուրդին ու հաշտուելու Աստուծոյ հետ ապա ժամանկ յատկացնելու աղօթքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.