2018-03-10 16:20:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Յիսուսեան միաբանի կղերական կեանքի 60 ամեակը։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ Մարտի 13-ին, կը լրանայ Յիսուսեան առաջին քահանայապետ՝  Լատին  Ամերիկայէն ժամանած առաջին Պապ՝ Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոյի քահանայապետ ընտրուելուն հինգերորդ տարեդարձը։ Մինչ 11 Մարտին կը նշուի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Յիսուսեան Միաբանութեան անդամակցութեան ու անոր կղերական կեանքի նուիրուելուն 60րդ տարեդարձը։ Արդարեւ Եորկէ Պերկոլիօ՝ վաթսուն տարիներ առաջ՝ 1958 թ. Մարտի 11-ին կ՛անդամակցեր  Յիսուսեաններու Միաբանութեան։ 

Քահանայապետի Կղերական կեանքի 60-րդ տարեդարձին առթիւ, «Վատիկան Նիուզ» վատիկանի լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին, Յիսուսեան Միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր՝ Հայր Արթուրօ Սոզա յայտնած է թէ «Այդ ժամանակաշրջանը յատկանշուած էր Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովով, ժամանակ որ կ՛արտայայտեր բազմաթիւ փոփոխութիւններ։ Այդ ժամանակաշրջանը եղաւ նաեւ Հայր Պերկոլիոյի ժամանակաշրջանը, որ քահանայ ձեռնադրուեցաւ Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի ընթացքին, երբ Յիսուսեան միաբանութեան մեծաւորն էր Հայր Արուփէն»։

Հայր Սոզա անդրադարձաւ նաեւ այդ շրջանի Լատին Ամերիկայի իրավիճակին ու այդ ցամաքամասին մէջ Յիսուսեան միաբանութեան հայող իրադարձութիւններուն ինչպէս նաեւ Յիսուսեան Միաբանութեան ներկայ իրավիճակին հաստատելով թէ   Յիսուսեան միաբանութիւնը ծնած է ծառայելու Եկեղեցւոյ ու Քահանայապետին ու թէ այսօր եւս միաբանութիւնը կը ջանայ աջակցիլ Հռոմի Պապին, այն դիտումով որ եկեղեցին դառնայ աւելի մեծ կարողութիւն ունեցող եկեղեցի մը։

Հայր Սոզա  մատնանշած է նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապի առաքելութեան, որ քահանայապետութեան մէջ կը շարունակէ ապրիլ ու կիրարկել «Սուրբ Ինգնատիոսի» հոգեւորականութիւնն ու ուսուցումները։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.