2018-03-10 10:17:00

Եւրոպական Միութիւնը 90 օրուան ընթացքին պիտի արձագանգէ ԱՄՆ-ի սահմանած մաքսատուրքերուն


Եւրոպական Միութիւնը կ՛ակնկալէ, որ պողպատի եւ ալիւմինիոմի համար Միացեալ Նահանգներու սահմանած մաքսատուրքերը չեն ներառեր Եւրոպական Միութեան երկիրները, եւ պատրաստ է հակառակ պարագային դիմելու Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան` իր սեփական պատասխան միջոցառումները ձեռնարկելու համար: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այդ մասին յայտարարած է Եւրոպական Միութեան` առեւտուրի հարցերով յանձնակատար Սեսիլիա Մալմսթրոմ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ պաշտօնապէս յայտարարած էր արտասահմանէն Միացեալ Նահանգներ պողպատի եւ ալիւմինիոմի ներածման համար մաքսատուրքեր սահմանելու մասին: Պողպատի համար սահմանուած է 25 առ հարիւրի, իսկ ալիւմինիոմի համար 10 առ հարիւրի չափով մաքսատուրք: Թրամփ մաքսատուրքերէն ազատած է Քանատան ու Մեքսիքան եւ առաջարկած ատիկա ընել նաեւ այլ դաշնակիցներու համար:

«Եւրոպան անկասկած վտանգ չի ներկայացներ ամերիկեան ներքին անվտանգութեան, այդ պատճառով մենք կ՛ակնկալենք, որ մաքսատուրքերը չեն ներառեր մեզ», ըսած է Մալմսթրոմ:

Ան յայտարարած է նաեւ, թէ հակառակ պարագային պատրաստ է դիմելու միջազգային առեւտրական իրաւարար Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան` 90 օրուան ընթացքին Եւրոպական Միութեան սեփական պատասխան միջոցառումները սահմանելու համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.