2018-03-09 14:22:00

Ֆրանչիսկոս Պապ մօտ ապագային պիտի այցելէ Պալթեան մի քանի երկիրներ:


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 9 մարտ 2018-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն տիար Կրեք Պուրք հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ յայտարարեց,  թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ ընդառաջելով Պալթեան երկիներուն եպիսկոպոսներուն հրաւէրներուն, յառաջիկայ 22-էն 25 սեպտեմբեր պիտի այցելէ Լիթուանիոյ Վիլնիուս եւ Քաունաս քաղաքները, Լաթվիոյ Ռիկա եւ Ակլոնա քաղաքները ինչպէս նաեւ Էսթոնիայի Թալին քաղաքը:

Ֆրանչիսկոս Պապի վերոնշեալ քաղաքներուն առաքելական այցելութեան յայտագիրը պիտի հրապարակուի յաջորդիւ գրած է Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.