2018-03-09 09:04:00

Սուրիական բանակը կը շարունակէ յառաջանալ Արեւելեան Ղութայի մէջ


Սուրիական բանակը առ ի պատրաստութիւն ներխուժման կ՛աշխատի պաշարել Արեւելեան Ղութայի գլխաւոր գիւղերը: Այս մասին կը հաղորդէ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը:

Սուրիական բանակը իր վերահսկողութեան տակ առած է Արեւելեան Ղութայի աւելի քան կէսը: Ըստ ընդդիմադիր Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանին, սուրիական բանակը իր վերահսկողութեան տակ առած է Աշհարի եւ Սաուա գիւղերը:

Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաստատեց, որ սուրիական բանակը յաջողած է Արեւելեան Ղութան բաժնել երկուքի: Մէկ օր առաջ սուրիական բանակը յայտարարած էր, թէ շրջանը բաժնած է երկուքի` հիւսիսային ու հարաւային մասերու:

Սուրիոյ պատկերասփիւռի կայանը ցուցադրեց Մասրապայի մերձակայքէն տեսարաններ` նշելով, որ սուրիական բանակը գիւղին մէջ զինեալ խմբաւորումներուն պաշտպանական դիրքերը ռմբակոծած է` դիւրացնելու համար հետեւակներուն մուտքը գիւղ:








All the contents on this site are copyrighted ©.