2018-03-09 09:04:00

Մեկնարկեց «Vatican Hackathon» Վատիկանեան ծրագիրը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 8 մարտ 2018-ին Վատիկանի Հաղորդակցութեան քարտուղարութեան նախաձեռնութեամբ, սկիզբ առաւ Vatican Hackathon» Վատիկանեան ծրագիրը, որուն նպատակն է «մերօրեայ մեծ հարցերուն համար որոնել արհեստագիտական լուծումներ», ինչպէս կը յայտնէ Հաղորդակցութեան քարտուղարութեան քարտուղարը՝ Հայր Լուչօ Ատրիան Ռոյցը։

Չորս օր տեւող ձեռնարկը որ պիտի աւարտի Կիրակի 11 Մարտին՝ Հռոմի մէջ համախմբած է աշխարհի զանազան վայրերէն արհեստագիտական ասպարեզին մաս կազմող երիտասարդ տաղանդներ, որպէսզի՝ հիմնուած «հաւատք- գիտութիւն» երկխօսութեան վրայ միասնաբար քննարկեն եւ լուծումներ առաջարկեն, ինչպէս նաեւ կամուրջներ ստեղծեն ընդմէջ արհեստագիտութեան ու մարդկային արժէքներուն. Մէկ խօսքով «խելքերու մարաթոն» մը որ պիտի աւարտի 11 մարտին - ըսած է միշտ Գերապայծառ Ռոյցը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.