2018-03-09 08:57:00

Հայ կանանց աղօթքի օրուան տարեկան 48րդ հաւաքը


ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Ուրբաթ, Մարտ 2ին, Փասատինայի Հայ Նազովրեցի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայ կանանց աղօթքի օրուան 48րդ տարեկան հաւաքը, մասնակցութեամբ Հայ Առաքելական, Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական յարանուանութիւններէն աւելի քան 500 կիներու:

Աղօթքի այս օրը կը զուգադիպի Կանանց Համաշխարհային աղօթքի օրուան, որ կը նշուի աւելի քան 170 երկիրներու մէջ: Այս տարուան խորհրդածութեան նիւթն էր՝ «Աստուծոյ ամբողջ ստեղծագործութիւնը բարի է»:

Յայտագիրը կազմուած էր աղօթքներով, սաղմոսներու եւ Աւետարանէն հատուածներու ընթերցումներով, հոգեւոր երգերով ու շարականներով, հոգեւոր խորհրդածութիւններով եւ պատգամներով:

Յանուն Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի՝ աղօթքի այս հանդիպումին մասնակից եղան Պօղոս քհնյ. Պալթայեան, Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան եւ Մովսէս քհնյ. Շաննագեան:

Ղեւոնդ քահանայ ընթերցեց առաջնորդ սրբազան հօր խօսքը, նաեւ կատարեց փակման աղօթքը: Իր պատգամին մէջ, առաջնորդը շեշտը կը դնէր աղօթքի անհրաժեշտութեան վրայ, «որովհետեւ աղօթքը մարդս աւելի՛ կը մօտեցնէ Աստուծոյ ու զայն կը պահէ Արարիչին հետ հաղորդակցութեան մէջ: Տակաւին, աղօթքը զօրութեան, խաղաղութեան, յոյսի եւ հոգեկան ուրախութեան աղբիւր է», ըսաւ ան։ Այս մօտեցումով, առաջնորդը կ՛ողջունէր կիներուն մէջ արմատաւորուած հաւատքը, որ արտայայտութիւն կը գտնէ ամէն տարի կանոնաւոր կերպով աղօթքի այս օրը կազմակերպելուն մէջ:

 

Ակնարկելով օրուան նիւթին՝ ան ներկաները յորդորեց արդար տնտեսներ ըլլալ Աստուծոյ բոլոր ստեղծագործութիւններուն ու մանաւանդ առաւելագոյն սիրով, յարգանքով ու բարիքներով վերաբերիլ մեծագոյն ստեղծագործութեան՝ մարդ արարածին նկատմամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.