2018-03-09 08:04:00

2018-ի Խաչի ճանապարհի խորհրդածութիւնները պատրաստած են 15 երիտասարդներ։


(Ռատիօ Վատիկան) 2018  տարուայ Աւագ Ուրբաթ օրուայ Քոլոսսէումի տարածքին կայանալիք աւանդական Ճանապարհ Խաչիի 14 կայաններու խորհրդածութիւններու պատրաստութիւնը, Ֆրանչիսկոս Պապին կամքով, յանձնուեցան խումբ  մը երիտասարդներու ու խումբը համակարգող՝ գրագէտ ու կրօնական գիտութիւններու մասնագէտ՝ Փրոֆ Անտրէա Մոնտային։Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն՝ Տիար Կրէկ Պուրքը։

Երիտասարդներուն պատրաստած խորհրդածութիւնները կեդրոնացած են արդարութեան, խաչի գայթակղութեան ու երկխօսութեան ու համեմատութիւններու փնտռտուքի վրայ։

Քահանայապետը արդարեւ կ՛ուզէ մտիկ ընել երիտասարդներուն, ի տես նաեւ, հոկտեմբերին կայանալիք երիտասարդներուն նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին եւ ասոր համար է որ անոնց վստահեցաւ Ճանապարհ Խաչիի մտածականներու պատրաստութիւնը, Փրոֆ Անտրէա Մոնտային յանձնելով պարտականութիւնը ընտրելու երիտասարդները ու համակարգելու անոնց աշխատանքը։

Փրոֆ Մոնտան անկախ երիտասարդներու հաւատքի ուղեւորութիւնէն, բարձրագոյն վարժարաններ յաճախող  եւ համալսարանական 15 երիտասարդներ ընտրեց ու համախմբեց իր տունը ու անոնց հետ միասին ուսումնասիրեց ու կիսեց Աւետարանական ընթերցումները՝ որոնք կը խօսին Խաչի Ճանապարհի մասին, ու այդ քննարկումներէն մեկնելով է որ ամէն մէկ երիտասարդ արտայայտեց իր սրտէն բխածը ու անոր հիման վրայ իւրաքանչիւրին տրուեցաւ պատրաստելիք խորհրդածութեան նիւթը։

Յայտնենք թէ հինգ տարիներ առաջ եւս  Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետը, ճանապարհ խաչի խորհրդածութիւններու պատրաստութիւնը յանձնած էր լիբանանցի երիտասարդներու՝ որոնք Մարոնիթ Պատրիարք Պշարա Ռայի առաջնորդութեամբ խորհրդածութիւններուն մէջ դրսեւորեցին Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն անձկութիւններն ու անոնց ձգտումները։

Խօսելով երիտասարդներու նախապատրաստական աշխատանքի մասին, Փրոֆ Մոնտա յայտնեց թէ ինք անոնցմէ խնդրած է արտայայտել այն ինչ որ իրենք կը մտածեն, առանց դիմելու աստուածաբանական միտքերու ու պայմանաւորուելու այն իրողութենէն թէ համայն աշխարհը պիտի ունկնդրէ անոնց գրութիւնները։

Փրոֆ Մոնտա ապա յանձնարարած է երիտասարդներուն իրենք զիրենք երեւակայել Երուսաղէմի մէջ՝ 2000 տարիներ առաջ, աւագ ուրբաթ օրը։

14 խորհրդածութիւններուն մէջ անդրադարձ կը կատարուի խաչի ճանապարհի զանազան փուլերու մասին. Յիսուսին դատապարտումի անարդարութիւնը, գայթակղութիւնն ու այդ խորհուրդին անհասկացողութիւնը, ապա Յիսուսին խաչին ծանրութեան տակ անկումը ու անոր վերստին ոտքի կանգնիլը՝ որպէս յարութեան յատկանիշ,  մինչ մերկացած Յիսուսին մէջ նկարագրուած է գաղթականներու իրականութիւնը, որոնցմէ յաճախ կը խլուի ամէն ինչ սակայն անոնք կը շարունակեն պաշտպանել իրենց արժանապատուութիւնը ապա Յիսուսին Խաչին վրայ մահուան խորհուրդին մէջ շեշտը կը դրուի մահուան իրականութեան վրայ որմէ յաճախ կ՛ուզենք խուսափիլ։

14 կայաններուն խորհրդածութիւններէն երկրորդը պատրաստուած է երկու երիտասարդներու կողմէ որոնք անդրադարձած են  «Յիսուսը՝ խաչին ծանրութեան տակ» նիւթին։

Երիտասարդներուն խորհրդածութիւններէն բխող պատգամը կը բացայայտէ երիտասարդներուն  փափաքը առաջնորդուելու կեանքի ճանապարհորդութեան մէջ. «Առաջնորդուած այն Քրիստոսէն՝ որուն հանդիպեցան Ճանպարհ խաչի ընթացքին. Որ  կը սայթաքի, կը տառապի, որ լքուած է ու միայնակ թողուած, ու ասոր համար լաւապէս կը հասկնայ պատանիին ու երիտասարդին կեանքը որ յաճախ ստիպուած է կեանքի մարտահրաւէրները դիմագրաւել՝ առանց իր առջեւ ունենալու կողմնորոշիչ ուղեցոյցներ»։








All the contents on this site are copyrighted ©.