2018-03-09 10:30:00

Երուսաղէմի մէջ սկիզբ առաւ քառասնորդացի Ֆրանչիսկեաններու եւ Քրիստոնեաներու ուխտագնացութիւնը:


(Ռատիօ Վատիկան) Երուսաղէմի ձիթենեաց լերան գագաթը գտնուող «Տոմինիս Ֆիլվեթ»  «Տէրը արտասուեց»  անուան փոքրիկ տաճարին մէջ Սուրբ Պատարագի մատուցմամբ, անցեալ 5 մարտին, սկիզբ առաւ Քառասնորդաց շրջանի Ֆրանչիսկեաններուն եւ քրիստոնեաներուն ուխտագնացութիւնը երուսաղէմի՝ Սուրբ վայրերուն:

Յիսուսի  չարչարանքներն ու խաչելութեան սուրբ վայրերու մէջ Սուրբ Պատարագի մատուցման աւանդութիւնը  հասած է Քրիստոնէութեան  առաջին դարերէն: Արդարեւ ամէն տարի  Սուրբ երկրի պահակ՝ Ֆրանչիսկեան եղբայրները  կը ոգեւորեն քառասնորդացի ուխտագնացութեան արարողութիւնները:  

Յայտնենք, «Տէրը արտասուեց» անուան եկեղեցին կառուցուած է այն վայրին վրայ, ուր Յիսուս երուսաղէմ յաղթական մուտքէն առաջ նախատեսելով իր կրելիք չարչարանքները արտասուեց Երուսաղէմ քաղաքին վրայ՛ ըսելով  «չգիտցար ժամանակը երբ այցելութիւն տրուեցաւ քեզի» (Ղուկ 19 41,44)

 «Dominus Flevit» եկեղեցին կառուցուած է 1956-ին,  5 –րդ դարու, Բիւզանդականն աւերակ եկեղեցւոյ մը փլատակներուն  վրայ՝ ձեռամբ իտալացի Անթոնիօ Պարլուցցի ճարտարապետին:  

Եկեղեցւոյ առաստաղը ունի  արցունքի  ձեւ ի յիշատակ Յիսուսի արցունքներուն: Քառասնորդացի ուխտագնացութեան յաջորդ արարողութիւնները  տեղի կ՛ունեան  Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ՝ չորեքշաբթի 14 մարտին- ապա Չարչարանաց եկեղեցւոյ մէջ  ՝ 15 մարտին եւ ի վերջոյ Բեթանիայի Լիլթոսթրոթոս  եկեղեցւոյ  մէջ՝  21 մարտ 2018-ին:  








All the contents on this site are copyrighted ©.