2018-03-09 08:17:00

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքը այցելեց Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարան


ՊՈԼԻՍ.- Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեան, որ կը գտնուի Պոլիս, Երեքշաբթի, 6 Մարտի յետմիջօրէին այցելեց Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարան, ուր հիւրընկալուեցաւ ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի կողմէ:

Պատրիարքին հետ էր Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան կալուածոց տեսուչ Պարէտ Ծ. վրդ. Երէցեան: Արամ արք. Աթէշեանի կողքին էին լուսարարապետ Թաթուլ Ծ. վրդ. Անուշեան, Շնորհք աբղյ. Տօնիկեան եւ Մաղաքիա աբղյ Պեսքիսիզեան:

Ըստ Գումգաբուի աղբիւրներու՝ Նուրհան արք. Մանուկեան եւ Արամ արք. Աթէշեան տեսակցեցան աւելի քան ժամ մը: Երուսաղէմի պատրիարքը յայտնեց, որ շուրջ մէկ շաբթուան այցելութիւն մը կ՛իրականացնէ Պոլիս՝ Թուրքիոյ մէջ գտնուող սաղիմապատկան կալուածներու իրաւական հարցերով:

Իր կարգին, պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար եւ անմիջական զրոյցի տեւողութեան տեղի ունեցան կարծիքի փոխանակումներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.