2018-03-08 13:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապ կիներու միջազգային տօնին առթիւ «Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր կիներուն»։


(Ռատիօ Վատիկան) «Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր կիներուն որոնք ամէն օր կը փորձեն կառուցել աւելի մարդկայնական ու հիւրընկալ ընկերութիւն մը»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կիներու միջազգային օրուան առիթով՝ 8 մարտ 2018-ին հրապարակած թուիթը, որով Ան ուզեց շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր այն կիներուն որոնք իրենց առօրեայ յանձնառումով կը ջանան աշխարհը փոխակերպել ու զայն դարձնել աւելի մարդկային եւ զօրակից։

8 Մարտը աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու տօնացոյցին  մէջ կը յիշատակուի իբրեւ Կանանց Միջազգային Օր։  Օրը յայտարարուած է ՄԱԿ-ի կողմէ յիշատակելու համար  1908ին Նիւ Եորքի ''Գոթթոն'' կերպասի գործարաններու բանուորուհիներուն բողոքի ցոյցերն ու անոր դժբախտ հետեւանքները։

Բանուորուհիները այդ ժամանակ առաջարկած էին երեք պահանջքներ ` աշխատանքային օրուան կրճատում, աշխատանքային պայմաններու բարելաւում եւ տղամարդոց հետ հաւասար աշխատավարձք:

Ցոյցերու երկարաձգումին պատճառաւ, գործարանի սեփականատէրը կ՝որոշէ փակել գործատան դռները, որպէսզի բանուորուհիները դուրս չելլեն։  Բայց գործատան մէջ ծագած հրդեհը պատճառ կ՝ըլլայ 129 բանուորուհիներու մահուան։ 

1910 թուականին Քոփենհակընի մէջ  տեղի կ՛ունենայ Կին ընկերվարականներու միջազգային համաժողովը, որուն ընթացքին յեղափոխական Քլարա Ցեթքինը կ՛առաջարկէ   8 մարտը նշել իբրեւ աշխատաւոր կին դասակարգի ծննդեան օր եւ անոնց համար սահմանել ամէնամեայ տօն մը:

Սկզբնական շրջանին Կիներու միջազգային օրը կը նշուէր 19 մարտին. առաջին անգամ անիկա նշուած է  1911 թուականին` չորս երկիրներու մէջ միաժամանակ (Աւստրիա, Գերմանիա, Դանիա, Զուիցերիա):  1975-ին ՄԱԿ-ը 1975 թուականը կը ճանչնայ  Կիներու միջազգային տարի, որմէ ետք  նոյն կառոյցը 1977 թուականին 8 մարտը կը հռչակէ Կիներու միջազգային տօն:








All the contents on this site are copyrighted ©.