2018-03-08 09:58:00

Տարեկան մինչեւ 12 միլիոն աղջիկ կ՛ամուսնանայ նախքան չափահաս դառնալը


Վերջին տասը տարուան մէջ մինչեւ 18 տարեկան աղջիկներու ամուսնութիւններու թիւը նուազած է 15 տոկոսով: Նման տուեալ հրապարակած է ՄԱԿ-ի մանկական հիմնադրամը:

Զեկոյցին տուեալներով, տարեկան մինչեւ 12 միլիոն աղջիկ կ՛ամուսնանայ նախքան չափահաս դառնալը: Հիմա աշխարհի մէջ կան 650 միլիոն կանայք, որոնք ամուսնացած  են նախքան 18 տարեկան դառնալը:

Զեկոյցին հեղինակները կը նշեն, որ մանկական ամուսնութիւններու դէմ պայքարին առաւել մեծ արդիւնքներու հասած են Հարաւային Ասիոյ մէջ: Այստեղ ցուցանիշները նուազած են ` 50 տոկոսէն հասնելով 30 տոկոսի: Այս մէկը պայմանաւորուած է Հնդկաստանի մէջ արձանագրուած արդիւնքներով:

ՄԱԿ-ը կը յիշեցնէ, որ  աղջիկներու վաղ ամուսնութիւնները կը յանգեցնեն վաղ յղիութիւններու, ծննդաբերութիւն ու մայրութեան` երբ անոնք դեռ ֆիզիքապէս ու հոգեպէս  պատրաստ չեն ատոր: Բացի այդ, կը մեծնայ կողակիցներուն կողմէ սեռական բռնութիւններու վտանգը: Ինչպէս նաեւ, վաղ ամուսնութիւնները կը խանգարեն եկրթութիւն ու մասնագիտութիւն ձեռք բերելուն:

«Մանկական ամուսնութունները վատ հետեւանքներ կը ձգեն նաեւ հասարակութեան վրայ»,-ըսած է ՄԱԿ-ի մանկական հիմնադրամի սերնդաբանութեան հարցերով խորհրդական Անժի Մալխոտրան:

Անոր խօսքով, նման ամուսնութիւնները սերունդէ սերունդ կը խանգարեն ընտանիքները ազատուելու աղքատութեան խնդիրէն: Եւ թէեւ մանկական ամուսնութիւններ եզրոյթը կը վերաբերի երկու սեռերուն ալ, սակայն ատկէ աւելի շատ կը տուժեն աղջիկները:

«Հաշուի առնելով, թէ մանկական ամուսնութիւնները ինչ էական ազդեցութիւն կ՛ունենան աղջիկներու կեանքին վրայ, մեզ կ՛ուրախացնէ ցուցանիշներու որեւէ կրճատում: Սակայն մենք այդ առումով դեռ շատ ընելիք ունինք»,-ըսած է ան` յիշեցնելով, որ միջազգային հանրութիւնը կը նպատակդրէ մինչեւ 2030 թուականը ամբողջութեամբ վերջ դնել մանկական ամուսնութիւններուն:

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տուեալներով, մանկական ամուսնութիւններու ամենաբարձր ցուցանիշները արձանագրուած են Նիժեերիոյ, Չատի, Պանկլատէշի, Կուինէայի մէջ








All the contents on this site are copyrighted ©.