2018-03-08 09:27:00

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կը զգուշացնէ պետական հաստատութիւնները ընտրական Խաղին Միջամուխ Դարձնելէ


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, չորեքշաբթի 7 մարտին, Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որմէ ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, խորհուրդը նշեց, որ նիստին ընթացքին քննարկուած են Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան իրավիճակին մասին Միւնիխի մէջ կազմակերպուած խորհրդաժողովին Ռայի պատրիարքին բերած մասնակցութեան մանրամասնութիւնները, յատկապէս ընդգծելով Լիբանանի մէջ ազգային միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը պահպանելու յանձնառութիւնը:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ խորհուրդը ողջունած է Լիբանանի կայունութիւնը պահպանելու իմաստով ցուցաբերուող միջազգային նախանձախնդրութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով երկրին տնտեսութեան եւ բանակին զօրակցելու շօշափելի նախաձեռնութիւնները:

Այս ծիրին մէջ, Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կոչ ուղղեց լիբանանեան իշխանութիւններուն իրենց կարգին նախաձեռնելու ներքին բարեկարգումներու եւ փտածութեան դէմ պայքարելու:

Խորհուրդը զգուշացուց պետական հաստատութիւնները, նախարարութիւնները եւ ապահովական կառոյցները ընտրական խաղին միջամուխ դարձնելէ` կոչ ուղղելով լիբանանցիներուն գիտակցութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ մասնակցելու երեսփոխանական ընտրութիւններուն` ընտրելով այն թեկնածուն, որ իրենց հայեցողութեամբ լաւագոյնս կրնայ ծառայել երկրին եւ ժողովուրդին շահերուն երաշխաւորման:








All the contents on this site are copyrighted ©.