2018-03-08 09:23:00

ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդը մտահոգութիւն կը յայտնէ արեւելեան Ղութայի հարցով


ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը երէկ Արեւելեան Ղութայի հարցով դռնփակ նիստ մը գումարելով «Սուրիոյ մէջ մարդասիրական կացութեան նկատմամբ մտահոգութիւն յայտնեց»` կոչ ուղղելով «յարգելու զինադադարի իր որոշումը»:

Ապահովութեան խորհուրդի նախագահը նիստի աւարտին յայտնեց. «Խորհուրդը առնչակից բոլոր կողմերուն կոչ կ’ուղղէ` յարգելու Արեւելեան Ղութա մարդասիրական օժանդակութիւններ հասցնելու վերաբերեալ իր թիւ 2401 որոշումը»:








All the contents on this site are copyrighted ©.