2018-03-08 09:33:00

ԵԱՀԿ-ի նախագահող Իտալիան կ՛ուզէ հասնիլ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի քաղաքական լուծման


ԵԱՀԿ-ի մէջ 2018-ին նախագահող Իտալիան ջանք պիտի չխնայէ աջակցելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտող կողմերուն` հասնելու խնդիրի կայուն եւ բանակցային ճամբով լուծման: Այս մասին «Արմէնփրես»-ի հետ բացառիկ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է ԵԱՀԿ-ի մէջ Իտալիոյ նախագահութեան մամլոյ պատասխանատու Ճիովաննի Տաւոլի:

Խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հեռանկարներուն մասին` ան յայտնած է. «Ճգնաժամի լուծման տարրերը արդէն դրուած են բանակցութեան սեղանին` շնորհիւ Մինսքի խմբակի համանախագահներու կեդրոնացած յանձնառութեան: Հետեւաբար, լիակատար աջակցութիւն կը ցուցաբերենք մինչեւ հիմա որդեգրուած մօտեցումին. երբ կողմերը ներգրաւուած էին բարձրագոյն քաղաքական մակարդակի վրայ` երկու նախագահներու միջեւ ուղղակի հաղորդակցութեան ձեւով, մենք ականատեսը եղանք դրական զարգացումներու: Այս առումով մենք կ՛աջակցինք եւ կը սատարենք բարձրագոյն մակարդակով հետագայ շփումներուն` քաջ գիտնալով, որ կողմերուն մօտ քաղաքական կամքի գոյութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղութեան հոլովոյթին առանցքային գործօնն է»:

Խօսելով յատուկ նախաձեռնութիւններու մասին, որոնք կրնան յառաջ մղել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթը, ան ըսած է. «ԵԱՀԿ-ի մէջ Իտալիոյ նախագահութիւնը նպատակ կը հետապնդէ հասնիլ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի քաղաքական, բանակցային եւ կայուն լուծման: Մենք պիտի գործենք ԵԱՀԿ-ի նախկին համանախագահողներու ոգիին համապատասխան` հետեւողականօրէն աջակցելով Մինսքի խմբակի համանախագահներուն: Մենք ջանք պիտի չխնայենք օգնելու եւ աջակցելու կողմերուն` համաձայն Մատրիտեան սկզբունքներուն եւ Հելսինքիի եզրափակիչ հռչակագիրին»:








All the contents on this site are copyrighted ©.