2018-03-08 09:44:00

Արամ Ա. «Քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ դառնալ հաւատարիմ ու խոնարհ հետեւորդը Քրիստոսի»


Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ օրացոյցին համաձայն, Մեծ պահքի 24-րդ օրը կը կոչուի Միջինք` յիշեցնելու համար քրիստոնեայ հաւատացեալին, թէ պահքը հասած է իր կէսին: Այս առիթով հրաւէրով Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի ու Ազգային իշխանութեան եւ համաձայն Լիբանանի հայոց թեմին մէջ հաստատուած աւանդութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը չորեքշաբթի, 7 մարտ 2018-ին նախագահեց Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Արեւագալի ժամերգութեան:

Առաւօտեան եւ Արեւագալի ժամերգութեանց հոգեզմայլ շարականներու երգեցողութիւնը կատարեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի սարկաւագներն ու սաները` հաւատացեալները հաղորդ դարձնելով պահեցողութեան  մթնոլորտին: «Հրաժարիմք»-ի արարողութենէն ետք Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան ուրախութեամբ ողջունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ներկայութիւնը Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ` յայտնելով, որ հաւատացեալները համախմբուած են այս առիթով մեր կեանքին համար աղերսելու երկնային առաջնորդութիւն: Ան ողջունեց նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը` մաղթելով, որ մեր կեանքը առատանայ նոր հունձքերով: Ան անդրադառնալով Մեծ պահքին ըսաւ, թէ անիկա ինքնաքննութեան եւ ինքնաճանաչման հրաւիրող առիթ է, հետեւաբար այսօր պէտք է զինենք մենք զմեզ քրիստոնէական հաւատալիքներու լոյսին մէջ: Եկած ենք աղօթքով փնտռտուքը կատարելու երկնային այն լոյսին, որուն ուղեկցութեամբ տարրական փոթորիկներու բովէն անգամ մեր ժողովուրդը յաջողեցաւ անցնիլ ապահով կերպով ու տոկաց: Այսօր կ՛ապրինք այնպիսի պայմաններու մէջ, որոնք ո՛չ միայն անհատապէս մեզ կը շեղեն մեր հաւատալիքներէն, այլեւ կ՛այլափոխեն մեր ընկերութեան նկարագիրը, մեզ կը պարպեն մեր ինքնութենէն, կ՛աղաւաղեն ընտանեկան կեանքի նկարագիրը եւ ամէն րոպէ մեզ կը հեռացնեն մեր հաւատքէն: Այսօր ո՛չ միայն կարիքը ունինք յաւելեալ ճիգով մեր կեանքը ներդաշնակելու աւետարանական ճշմարտութիւններուն հետ, այլեւ անդուլ պայքարով մեր կեանքը ներդաշնակելու մեր ժողովուրդի անցեալի կեանքին հետ, մեր ընտանեկան յարկերուն մէջ ու համայնական կեանքի պայմաններու մէջ պահելու մեր եկեղեցւոյ ոգին: Հուսկ հրաւիրեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը` յորդորելու հայ ժողովուրդի զաւակները:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի հայրապետական պատգամէն առաջ դպրեվանքի երկու սարկաւագներ ընթերցեցին Նոր կտակարանի առաքելական թուղթերէն այն համարները, ուր շեշտուած էր Քրիստոսով նոր մարդ դառնալու հրամայականը: Վեհափառ հայրապետը գոհութիւն եւ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ դարձեալ Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ հաղորդ կը դառնայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ: Ան ողջունեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանն ու Ազգային իշխանութիւնը, բոլոր կառոյցները, մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները,  որոնք իմաստ, խորք եւ նպատակ կու տան մեր կեանքին: Ան յայտնեց, որ եկեղեցին ժողովուրդն է եւ առանց մեր ժողովուրդին ներկայութեան եւ մասնակցութեան անիկա սոսկ կառոյց կը մնայ: Վեհափառ հայրապետը կոչ ուղղեց Լիբանանի  համայնքի բոլոր զաւակներուն իրենց կեանքը ապրելու եւ արժեւորելու` մասնակցելով մեր եկեղեցւոյ եւ կառոյցներուն կեանքին: Ան ողջունեց երկու կրթական կառոյցները` դպրեվանքը եւ Ազգային միացեալ վարժարանը, որոնք ո՛չ միայն Լիբանանի հայութեան մէջ կոչուած են կարեւոր դերակատարութեան, այլ ընդհանրապէս` սփիւռքի կեանքին մէջ: Դպրեվանքի առաքելութիւնը մեր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ կը մնայ առանցքային: Հայ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ կենսագործողները հոգեւորականներն են եւ անոնք կը պատրաստուին դպրեվանքին մէջ: Վեհափառ հայրապետը նշեց, որ այսօր մեր գաղութներուն մէջ հայ եկեղեցին պայծառ պահող մշակները դպրեվանքէն շրջանաւարտ են: Ան կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն իրենց զաւակները առաջնորդելու դպրեվանք: Անդրադառնալով Ազգային միացեալ վարժարանին` Արամ Ա. կաթողիկոս նշեց անոր կարեւոր դերակատարութիւնը լիբանանահայութեան կեանքին մէջ: Ազգային վարժարանը սոսկ գիտութիւն ջամբող կառոյց չէ, այլ հոն կը կերտուի հայու ամբողջական ինքնութիւն: Ան կոչ ուղղեց զանազան ձեւերով մասնակից դառնալու Ազգային միացեալ վարժարանի առաքելութեան: Իր խօսքը ուղղելով դպրեվանքի եւ Ազգային միացեալ վարժարանի աշակերտութեան` վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ  գաղութները այսօր մարդուժի պէտք ունին եւ կը դիմեն մեզի, որպէսզի հոգեւորական, ուսուցիչ, դպրապետ հայթայթենք, հետեւաբար այս գիտակցութեամբ պէտք է մօտենանք այս մարդուժ պատրաստող երկու կառոյցներուն:

Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադառնալով իր պատգամին սկիզբը ընթերցուած առաքելական թուղթերուն ըսաւ, թէ Աստուծոյ որդին մարդեղացաւ, որպէսզի մեզի սորվեցնէ մարդ ըլլալու ճշմարիտ կերպը: Մարդը հեռացած էր Աստուծոյ նմանութենէն: Քրիստոս եկաւ մարդը աստուածացնելու եւ ուղղելու դէպի Աստուած: Առաքեալները կը յիշեցնեն հաւատացեալները, թէ պէտք է Քրիստոսին նայիլ եւ հոն տեսնել մեր կեանքը, առաքելութիւնը: Աստուծոյ որդին իւրացուց մարդկային բնութիւնը ամբողջութեամբ, մարդ դարձաւ: Քրիստոս այսօր մեր եկեղեցւոյ ճամբով մեր դիմաց կը կանգնի իբրեւ ճշմարիտ մարդկութեան տիպար: Մենք պէտք է Քրիստոսը մեր մէջ ապրեցնենք մեր կեանքը դարձնելով քրիստոսակեդրոն կեանք: Մեր կեանքը կը դառնայ անարժէք, երբ մենք եսակեդրոն ենք: Մեր կեանքի հայելիին մէջ Քրիստոս պէտք է ըլլայ, եւ պէտք է քննենք մեր կեանքը: Վեհափառ հայրապետին երկրորդ մտածումը Քրիստոսի հետեւիլն էր: Քրիստոս իր կեանքով մեզի ցոյց տուաւ ճշմարտօրէն մարդ դառնալու ճամբան: Քրիստոնեայ ըլլալ չի նշանակեր միայն եկեղեցի երթալ, աղօթել, այլեւ պէտք է հետեւիլ Քրիստոսի, Աստուածաշունչին, սուրբերուն, եկեղեցւոյ սկզբունքներուն: Երրորդ` Քրիստոսը նոյնացնել մեր կեանքին մէջ եւ ապրիլ իբրեւ աստուածային ներկայութիւն` վկայելով Քրիստոսի մասին: Քրիստոնեան պէտք է վկայէ իր կեանքով: Մենք Քրիստոսով վերամարդացանք, Աստուծոյ որդեգիր զաւակները դարձանք եւ հզօրացանք կեանքի չարիքներուն դէմ: Վեհափառ հայրապետը իր խօսքը եզրափակեց յայտնելով, որ մեր կեանքի թոհուբոհին մէջ պէտք է դառնանք Քրիստոսի, ընդունինք զինք իբրեւ գերագոյն ճշմարտութիւն եւ ընտրենք Քրիստոսի ճամբան, որ մեզի կը տանի դէպի երկնային թագաւորութիւն:

Արեւագալի արարողութեան աւարտին, կազմակերպութեամբ Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդին եւ Տիկնանց յանձնախումբին, մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան ի պատիւ Արամ Ա. կաթողիկոսին` եկեղեցւոյ` «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին մէջ: Սիրոյ սեղանը սկիզբ առաւ վեհափառ հայրապետին օրհնութեան աղօթքով:

Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդին անունով բարի գալուստ մաղթեց Սմբատ Ղազէլեան: Ան նշեց, որ Միջինքը Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ ծուխին համար վերջին տասնամեակներուն վերածուած է անպաշտօն տօնի մը: Ան անդրադառնալով վեհափառ հայրապետին տարեսկիզբին յայտարարած սրբատառ կոնդակին` Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին գծով, լուսարձակի տակ առաւ հայ ժողովուրդին ապրած օրհասական օրերը եւ քաղաքական ու հոգեւոր հայրերու յորդորները, որոնք գօտեպնդեցին ժողովուրդը մահ ու կենաց պայքարով ընտրելու իր ազատութիւնը: Բախտորոշ եղաւ այդ խոյանքը, որովհետեւ կրցաւ կասեցնել թշնամիին արշաւանքը, եւ Հայաստանի թէկուզ մէկ բեկորին վրայ վհատեցուցիչ պայմաններու տակ հիմը դրուեցաւ երկար երազուած անկախ պետականութեան: Ան յայտնեց, որ յոյսով պէտք է նայիլ ապագային եւ տեսնել պատմութենէն սորված դասերը:  Իր խօսքի աւարտին Սմբատ Ղազէլեան ըսաւ, որ սփիւռքին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վիճակուած է առանցքային դեր` մոռացկոտ աշակերտները ուշքի բերելու եւ կշիռքի նժարներու մէջ վճռորոշ ծանրութիւն ըլլալու բարեբախտ պատեհութիւնը:

Ապա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի  սաները երգեցին հայրենասիրական երգեր:

Սիրոյ սեղանին եզրափակիչ խօսքը կատարեց Արամ Ա. կաթողիկոս: Ան յայտնեց, որ աւանդութիւնները պէտք է յարգուին, ինչպէս առաքեալը կ՛ըսէ` ձեր հայրերու աւանդութիւնը պինդ բռնեցէք: Մենք ալ պէտք է պինդ բռնենք մեր գաղութի բոլոր աւանդութիւնները: Ան գնահատեց Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդը, որ  հակառակ բոլոր դժուարութիւներուն  իր կարելին կ՛ընէ, որ միշտ այս եկեղեցին մնայ պայծառ: Վեհափառ հայրապետը իր գոհունակութիւնը յայտնեց Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան համար, որ եռանդուն կերպով կը գործէ եւ կարեւոր դեր ունի կատարելիք եկեղեցւոյ կեանքին մէջ: Ան յայտնեց, որ ներդաշնակ աշխատանքով գործը կը յաջողի եւ մեր գաղութը կը ծաղկի: Ապա գնահատեց նաեւ Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մկրտիչ քհնյ. Քէշիշեանը: Ան նշեց, որ հունձքը շատ է, բայց մշակները քիչ: Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ պէտք է միշտ աշակերտ ըլլալ, ամբարել, կենսաւորուիլ: Ան մաղթեց, որ Աստուած պայծառ պահէ մեր եկեղեցիները ամէնուրեք:

Օրուան յայտագիրը փակուեցաւ վեհափառ հօր աղօթքով եւ դպրեվանքի սաներու հայրապետական  «Ի վեհ բարձանց» մաղթերգի երգեցողութեամբ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.