2018-03-08 08:41:00

«24 ժամ Տիրոջ համար» ձեռնարկը՝ ապաշխարութեան ու դարձի ձեռնարկ (9-10 մարտ)։


(Ռատիօ Վատիկան) 9 եւ 10 մարտ 2018-ին կը նշուի «24 ժամ Տիրոջ համար» ձեռնարկը, որ հրաւէր մըն է ապրելու ապաշխարութեան խորհուրդը, Սուրբ Հաղորդութեան պաշտամունքի արարողութեան ներքոյ։

Ձեռնարկին այս տարուայ բնաբանը քաղուած է 130-րդ Սաղմոսէն «Բայց դուն կու տաս ներումը»։

Ձեռնարկը կը նածատեսէ  որ  եկեղեցական թեմերու գոնէ մէկ եկեղեցւոյ մը դռները բաց  մնան 24 ժամուայ տեւողութեամբ, առիթ ընծայելու հաւատացեալներուն, աղօթելու ու խոստովանանքի խորհուրդին մօտենալու։ Այս տարուայ ձեռնարկին իրականացման լուրը յայտարարած էր նոյնինք Ֆրանչիսկոս Պապը՝ 6 փետրուարին հրապարակած 2018-ի քառասնորդացի պատգամին մէջ։

«24 ժամ Տիրոջ համար» ձեռնարկին առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ պիտի գլխաւորէ ապաշխարութեան աղօթքի ծիսակատարութիւնը, որով սկիզբ պիտի տրուի ձեռնարկին։ 

Նոր Աւետարանութեան խթանումի խորհուրդին կողմէ առաջարկուած վերոնշեալ ձեռնարկը՝ որ ծնունդ առած է 5 տարիներ առաջ Հռոմի մէջ ու արագ կերպով տարածուած է աշխարհի չորս ծագերը, առիթ է անձնական հանդիպում հաստատելու Աստուածային ողորմութեան հետ։ «Անոր նպատակն է բոլորին շնորհել Աստուծոյ ողորմած ողջագուրումը ու վերադարձ դէպի հօր բազուկները» ըսած է այս առթիւ գերապայծառ Ֆիզիքելլա՝ վերոնշեալ խորհուրդին նախագահը,  մատնանշելով նաեւ թէ «24 ժամ Տիրոջ համար» ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ նաեւ բանտերուն մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.