2018-03-07 12:36:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը Փիոնկ Չանկի հաշմանդամներու ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն:


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 7 փետրուար 2018-ին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ կայացած , չորեքշաբթի օրուան հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին,  Ֆրանչիսկոս Պապ կոչ ուղղեց Փիոնկ Չանկի մէջ  կայանալիք  հաշմանդամներուն ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն ի տես :

Կոչին մէջ Սրբազան Հայրը նշեց թէ երկու օրէն Հարաւային Քորէայի  Փիոնկ Չանկ քաղաքին մէջ  բացումը պիտի կատարուի հաշմանդամներու ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն,  դիտել տալով որ  հարաւային Քորիայի մէջ կայացող ողիմպիական խաղերը  ցոյց  կու տան թէ ինչպէս մարզանքը կրնայ կամուրջ հանդիսանալ հակամարտութիւններուն մէջ գտնուող երկիներուն միջեւ  եւ արժէքաւոր դերակատարութիւն  ունենալ՝ ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան հեռանկարներու նկատմամբ:

Նորին Սրբութիւն ապա յարեց  թէ ողիմպիական խաղերը անգամ մը եւս կը վկայեն որ մարզանքի միջոցաւ կարելի է շրջանցել    յատուկ հաշմանդամութիւնները աւելցնելով որ   հաշմանդամ մարզիկներն ու մարզիկուհիները բոլորին համար՝ քաջութեան, յարատեւութեան եւ ժուժկալութեան վկաներն են՝ սահմանափակումներէ չյաղթահարուելու համար:  Ֆրանչիսկոս Պապ ապա մարզանքը նկատեց, որպէս ներառումի դպրոց ինչպէս նաեւ ներշնչումի աղբիւր սեփական կեանքի ու  յանձնառումի փոխակերպելու ընկերութիւնը  :  

Ան ապա պատգամը աւարտեց ողջունելով ողիմպիական  հաշմանդամներու մարզախաղերու միջազգային կոմիտէն,  մազիկներն-  Քորէայի պետութիւնն ու ժողովուրդը, ապահովուելով իր աղօթքը,  մաղթելով որ ողիմպիական խաղերը  նպաստեն բոլորին համար ուրախ ու խաղաղ օրերու։








All the contents on this site are copyrighted ©.