2018-03-07 08:38:00

Քիմ Չեն Ըն կ՛ուզէ «նոր պատմութիւն» կերտել Հարաւային Քորէայի հետ


Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Չեն Ըն բանակցութիւններու նպատակով Հարաւային Քորէայէն ժամանած բարձրաստիճան պատուիրակութեան հետ հանդիպումի ժամանակ յայտարարած է, որ վճռականօրէն կը զօրակցի բանակցութիւններու մէջ յառաջխաղացքի արձանագրման: Այս մասին կը գրէ «Տը Կարտիըն»` մանրամասնելով, որ 2011-ին իշխանութեան գալէն ի վեր ասիկա Ընի Սէուլի հետ առաջին բարձրաստիճան բանակցութիւնն է:

Հանդիպումին ընթացքին հիւսիսային քորէացի ղեկավարը նշած է, թէ լիայոյս է, որ ազգային վերամիաւորման գործին մէջ նոր պատմութիւն կը կերտուի:

Յայտնի է, որ ազգային անվտանգութեան գրասենեակի ղեկավարին գլխաւորութեամբ հարաւային քորէական պատուիրակութիւնը Փիոնկեանկի մէջ երկու օր մնացած է: Քիմ Չեն Ընի եւ պատուիրակութեան միացեալ լուսանկարը տարածուած է տեղական բոլոր լրատուամիջոցներուն մէջ:

Քորէայի Կեդրոնական լրատուական գործակալութեան համաձայն, Քիմ Չեն Ըն Քորէական թերակղզիի վրայ ստեղծուած ռազմական լարուածութիւնը նուազեցնելու, երկխօսութեան հոլովոյթը, հաղորդակցութիւնները, համագործակցութիւնն ու փոխանակման գործելաոճը աշխուժացնելու ցանկութիւն յայտնած է:

Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ Հիւսիսային ու Հարաւային Քորէաները 1950-էն 1953 տեւած պատերազմի աւարտէն ետք թեքնիք առումով տակաւին կը շարունակեն պատերազմի մէջ ըլլալ: Հարաւային Քորէայի նախագահը վերջերս հրապարակաւ փափաք յայտնած է Փիոնկիանկ այցելելու եւ Քիմ Չեն Ընի հետ բանակցելու:








All the contents on this site are copyrighted ©.