2018-03-07 09:46:00

Նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունած Է ՄԱԿ-ի նորանշանակ մնայուն համակարգողը


6 մարտին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի նորանշանակ մնայուն համակարգող եւ ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրի մնայուն ներկայացուցիչ Շոմպի Շարփը` հաւատարմագրման նամակներու  պատճէններու յանձնման առիթով:

Ողջունելով հիւրը` նախարար Նալբանդեանը նշեց, որ անդամակցութենէն ի վեր Հայաստան աշխուժօրէն կը մասնակցի ՄԱԿ-ի եւ անոր կառոյցներու աշխատանքներուն, եւ նպատակադրուած է շարունակել դրական օրակարգով ներգրաւուածութիւնը ՄԱԿ-ի նպատակներու իրականացման մէջ: Նախարարը բարձր գնահատեց Հայաստանի կառավարութեան եւ ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակի արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը` ընդգծելով, որ ՄԱԿ-ի գրասենեակին նորանշանակ ղեկավարը իր նպաստը պիտի բերէ Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի ծրագիրներու բարեյաջող ընթացքին:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` Շոմպի Շարփը նշեց, որ ջանք պիտի չխնայէ տարբեր բնագաւառներու մէջ Հայաստանի եւ ՄԱԿ-ի միացեալ նախագիծերու արգասաբեր իրականացման շարունակականութիւնը ապահովելու:

Հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ Կայուն զարգացման նպատակներուն եւ այդ շրջագիծին մէջ երկուստեք գոհունակութեամբ նշուեցաւ, որ Հայաստանի մէջ աշխուժօրէն կ՛ընթանայ անոնց իրականացման գործընթացը:

Զրուցակիցները արծարծեցին հոկտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան վեհաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն վերաբերող հարցեր:

Նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Շոմպի Շարփին ներկայացուց ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներուն կողմէ գործադրուող ջանքերը








All the contents on this site are copyrighted ©.