2018-03-07 09:37:00

ՄԱԿ. «Սուրիական վարչակարգը Ղութայի մէջ յարձակումներ գործեց քիմիական զէնքով»


ՄԱԿ-ը իր մէկ զեկուցումներէն մէկուն մէջ յայտնեց. «Սուրիական վարչակարգի ուժերը յուլիսին եւ նոյեմբերին Արեւելեան Ղութայի մէջ յարձակումներ գործեցին քիմիական զէնքով»:

«Անցեալ նոյեմբերին ռուսական օդանաւին Հալէպի մօտ Աթարեպ գիւղին մէջ շուկայի մը դէմ գործած եւ 84 զոհ պատճառած յարձակումը պատերազմական ոճիրի համազօր կրնայ ըլլալ», նշուած է զեկուցումին մէջ:

ՄԱԿ նաեւ յայտնեց. «ՏԱՀԵՇ-ի դէմ տարուած պայքարին մէջ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարած Միջազգային դաշինքը մարտ 2017-ին կատարեց օդային հարուած մը, որ պատճառ դարձաւ 150 բնակիչներու մահուան: Ռաքքայի դպրոցին մէջ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման զինեալներու գոյութեան մասին Փենթակոնի պնդումներուն որեւէ փաստ չկայ»:

ՄԱԿ շեշտեց, որ հարկ է արտօնել մարդասիրական օժանդակութեանց Արեւելեան Ղութա մուտքը եւ քաղաքայիններու այդ շրջանէն հեռանալը` նշելով. «Բնակուած շրջաններու դէմ վարչակարգին ռմբակոծումն ու յարձակումը անարդարանալի է»:

Զեկուցումը կը յայտնէ, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը ներկայիս անդամալուծուած է, «եւ մենք վստահ ենք Սուրիոյ մէջ ոտնահարումներէն, եւ պիտի գայ օր մը, երբ պատերազմական ոճիրներու պատասխանատուները պիտի դատուին»:

«Հետաքննեցինք 33 դէպքեր, որոնց ընթացքին քիմիական զէնք օգտագործուեցաւ, եւ կրցանք անոնցմէ ոմանց վարչակարգին մեղսակցութիւնը փաստել», կը հաղորդէ ՄԱԿ-ի զեկուցումը:








All the contents on this site are copyrighted ©.