2018-03-07 11:00:00

Հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւն ու կոչ ի նպաստ «Տիրոջ համար 24 ժամ» ձեռնարկին։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 7 մարտ 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց  այնտեղ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն ու այս առթիւ շարունակելով խօսիլ սուրբ պատարագի մասին իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց լատինածէս պատարագի վերջընթեր ու կեդրոնական մասին վրայ Սուրբ Հաղորդութեան աղօթքը։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր ըսաւ Սրբազան Պապը, հացի եւ գինիի ընծայումի ծէսէն ետք Սուրբ Հաղորդութեան աղօթքը կը կազմէ պատարագի կեդրոնական պահը որ մեզ կը կապէ Յիսուսին փրկարար զոհաբերումին ու անորմէ բխած շնորհքին։ «Քանզի Քրիստոսին զոհաբերումը  եւ Սուրբ Հաղորդութեան զոհաբերումը միակ զոհաբերում մըն են» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ նշելով թէ Սուրբ Հաղորդութեան աղօթքով Եկեղեցին կը բացայայտէ թէ այդ պահը հաղորդութիւն է Քրիստոսին հետ, որ իրապէս ներկայ է հացի ու գինիի մէջ. Քահանան հրաւիրելէ ետք ժողովուրդը իրենց սրտերը բարձրացնելու Տիրոջ ու անոր փառաբանութիւն մատուցելու բոլորին անունով աղօթք կը բարձրացնէ առ Հայր՝ Յիսուսին ու Սուրբ Հոգւոյն միջոցաւ։ Ան ապա կը հայցէ Սուրբ Հոգւոյն գալուստը որպէսզի\ իր զօրութեամբ օծէ ու սրբացնէ հացն ու գինին, որուն կը յաջորդէ հաւատքի դաւանումը որով կը յիշատակենք Քրիստոսի զոհաբերումը ու Անոր Յարութիւնը։

Եկեղեցին Հօր կը նուիրէ ընծան որ երկինքը երկրին կը միացնէ, Քրիստոսի Զատկուայ զոհաբերումը՝ «որուն շնորհքով մենք որ կը ճաշակենք Անոր մարմինն ու արիւնը կը դառնանք Անոր՝ աշխարհի մէջ կենդանի մարմին», ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը ու աւելցուց «Հաղորդութեան աղօթքը Աստուծմէ կը խնդրէ որ իր բոլոր զաւակները միացնէ սիրոյ կատարելիութեան մէջ, Քահանայապետի ու Եպիսկոպոսի հետ հաղորդութեան մէջ։ Ոչ մէկը եւ ոչ մէկ բան մոռցուած է հաղորդութեան աղօթքին մէջ։ Այդ աղօթքը մեզի կը սորվեցնէ՝ միշտ եւ ամենուրէք փառաբանել Աստուած ու մեր կեանքը դարձնել սիրոյ պարգեւ մը, ազատ ու ձրի, ինչպէս նաեւ կառուցել իսկական հաղորդութիւն Եկեղեցւոյ մէջ ու բոլորին հետ։ Այդ աղօթքը մեզ կը դաստիարակէ մեր համայն կանքը դարձնելու զոհաբերում - յարեց Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով խորհրդածութիւնը որուն աւարտին  զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակային ունկնդրութեան մասնակցող տարբեր երկիրներէ ու վայրերէ ժամանած հաւատացեալները հուսկ յատուկ կոչ մը ուղղեց ի նպաստ «Տիրոջ համար 24 ժամ» ձեռնարկին որուն մէջ ըսաւ.

«Յառաջիկայ ուրբաթ օր, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ պիտի գլխաւորեմ ապաշխարութեան խորհուրդը, կը մաղթեմ որ մեր եկեղեցիները կարենան երկար ժամանակ բաց մնալ. ընկալելու համար անոնք որոնք կ՛ուզեն պատրաստուիլ Սուրբ Զատկուայ տօնին, մօտենալով ապաշխարութեան խորհուրդին ու այդպէսով փորձարկել Աստուծոյ անհուն ողորմութիւնը»։

Յայտնենք թէ ուխտաւորներու մեծաթիւ քանակի բերումով անոնցմէ մաս մը հիւրընկալուեցաւ Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ  եւ Սրբազան Քահանայապետը, աւարտելէ ետք Պօղոս Զ դահլիճին մէջ շնորհած հրապարակային ունկնդրութիւնը, փոխադրուեցաւ Սուրբ Պետրոս ողջունելու համար այնտեղ համախմբուած հաւատացեալները ու անոնց ուղղած իր հակիրճ խօսքին մէջ խնդրեց որ շարունակեն աղօթել իրեն համար ապա նախ քան իր հայրական օրհնութիւնը շնորհելը՝ խնդրեց որ միասին աղօթեն  «Ողջոյն քեզ Մարիամ աղօթքը» ապա օրհնեց զանոնք, անոնց ընտանիքներն ու անոնց սրտի դիտաւորութիւնները։ 

Յայտնենք թէ ուխտաւորներու մեծաթիւ քանակի բերումով անոնցմէ մաս մը հիւրընկալուեցաւ Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ,  եւ Սրբազան Քահանայապետը աւարտելէ ետք Պօղոս Զ դահլիճին մէջ շնորհած հրապարակային ունկնդրութիւնը փոխադրուեցաւ Սուրբ Պետրոս ողջունելու համար այնտեղ համախմբուած հաւատացեալները ու անոնց ուղղած իր հակիրճ խօսքին մէջ խնդրեց որ շարունակեն աղօթել իրենց համար ապա նախ քան իր հայրական օրհնութիւնը շնորհելէ՝ խնդրեց որ միասին աղօթեն   «ողջոյն քեզ մարիամ աղօթքը» Ապա օրհնեց զանոնք, անոնց ընտանիքներն ու անոնց սրտի դիտաւորութիւնները։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.