2018-03-07 08:00:00

Գերապայծառ Իվան Եուրքովիչի ելոյթը մանուկներու իրաւունքներու պաշտպանութեան ՄԱԿ-ի նիստին


(Ռատիօ Վատիկան) Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի՝ Մարդու իրաւունքներու  խորհուրդի՝ մանուկներու իրաւունքներուն պաշտպանութաեան մասին  գումարուած  37 նիստին,  ելոյթ ունեցաւ ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ Գերապայծառ՝ Իվան Եուրքովիչը:

Ելոյթին մէջ Սուրբ Աթոռի դիւանագէտը, ժողովականներուն դիտել տուաւ,  որ  մանունկներուն արժանապատուութիւնը վտանգուած է  եւ   մարդկայնօրէն առաջնահերթ կը նկատուի   անչափահասներուն մեծագոյն շահերը:    

 Ի տես մարդկային իրաւունքներուն միջազգային յայտարարութեան 70 ամեակին, Գերապայծառ Եուրքովիչ յորդոր ուղղեց  միջազգային ընտանիքին,  պետութիւններուն եւ քաղաքաիական ընկերութեան՝ առանց նախապայմաններուն համագործակցելու  մանուկներու պաշտպամնութեան համար  այն գիտակցութեամբ  որ  ապագան  մանուկներուն ձեռքերուն մէջ կը գտնուի: ՝

Ան ապա յիշեց  Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքը  «ժողովուրդ մը որ հոգ չի տանիր իր տարեցներուն, իր  մանուկներուն եւ երիտասարդներու, առանց ապագայի  ժողովուրդ է, որովհետեւ գէշ կը վարուի ըլլայ իր յիշատակին  ըլլայ իր  խոստումին հետ»:  

Գերապայծառ Եուրքովիչ  իր մտահոգութիւն յայտնեց  այն առումով, որ 2017 թուականին՝ մօտ 535 միլիոն մանուկներ  թիրախ դարձած են  մարդկային աղէտներու՝ պատերազմներու,  բնական աղէտներու, որոնք պատճառեցին  տեղահանութիւն,  գաղթականութիւն, դիտել տալով որ յաճախ կրօնային եւ ցեղային փոքրամասնութիւններուն պատկան  անմեղ երիտասարդներ,   գաղթականներ  են եւ զոհ են  շահագործումի անհատներու եւ խմբաւորումներու կողմէ:

Գերապայծառ Եուրքովիչ ելոյթին մէջ  նկատել տուաւ նաեւ,   որ բազմաթիւ մանուկներու   ծնունդը արձանագրուած չէ, անոնք դարձած են «կորսուած սերունդ» ու թէ հարկաւոր է ազգային ինքնութիւն մը տալ այդ մանուկներուն եւ զարգացնել մարդկային իրաւունքներու մշակոյթը ՝   Ան ապա յոյս յայտնելով որ իւրաքանչիւր մանուկ  կարենայ վայելել Աստուծոյ կողմէ տրուած մարդկային արժանապատուութիւնը  հրաւիրեց ներկաները մերժել  անտեսումի մշակոյթը  որ կը խոցէ մեր աշխարհը եւ  պատճառ կը դառնայ  կաշառակերութեան , բռնութեան  պատերազմներու  եւ ոլորտային անկումի: 








All the contents on this site are copyrighted ©.