2018-03-07 15:16:00

7 մարտին, Հայկական եկեղեցական աւանդութեան համաձայն Միջինք է։


Անիրաւ տնտեսի Կիրակիէն ետք, Մեծ Պահքի 24- րդ օրը (այս տարի՝ Մարտ 7) կը կոչուի Միջինք, որ կը նշանակէ, որ Մեծ Պահքը հասած է իր կէսին:

Մեծ Պահքի ընթացքը քիչ մը մեղմելու համար՝ հայոց կենցաղին մէջ ընդունուած էր Միջինքի ծէսը: Այդ օրը տանտիրուհիները կը պատրաստէին Միջինքի բաղարջ, որ յայտնի է նաեւ միջնաբաղջ, կլոճ, յարեգիլ, միջնակ լոճ, միջնապլիթ, կուտապ եւ այլ անուանումներով: Միջինքի մէջ պարտադիր կը դրուէր որեւէ նշան` դրամ, ուլունք, լուբիա եւ այլն: Միջինքը ամանորեայ տարեհացին նման պիտի ապահովէր օճախի, ընտանիքի անդամներու բարեկեցութիւնը, անասուններու, հողի եւ հիմնական տնտեսական զբաղմունքներու ապագայ յաջողութիւնը:

Հետաքրքրական է Միջինքը կտրելուն ծէսը․ երեկոյեան տան աւագը բաղարջ հացը կը դնէր տան ամենափոքր անդամի մէջքին եւ կը կտրէր զայն: Բաղարջէն հաւասար չափով բաժին կը հանէին ե՛ւ տան բոլոր անդամներուն, եւ ընտանի կենդանիներուն ու հողին: Անոր, որուն բաժինէն դուրս գար նշանը, այդ տարուան ընթացքին անոր յաջողութիւնը ապահովուած կը համարուէր:

Հին Ջուղայի մէջ կը հաւատային, որ եթէ բաղարջը կտրելու ժամանակ, նշանը դիպչէր դանակին, կը նշանակէր, թէ ընտանիքի ապրուստին աղբիւրը հողը  պիտի ըլլար. դանակը կը նոյնացուէր գութանի խոփին հետ: Այժմ տարածուած պատկերացման համաձայն` նման պարագայի յաջողութիւնը կը վերագրուի ընտանիքի բոլոր անդամներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.