2018-03-06 12:48:00

«Աստուած մեզի կը ներէ եթէ մենք ներենք ուրիշներուն» Ֆրանչիսկոս Պապ


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 6 մարտ 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Պապին, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած քարոզին նիւթը եղաւ ներումը, յիշեցնելով որ Աստուծոյ կողմէ ներուած ըլլալու համար պէտք  ենք ճանչնալ մեր մեղքերը:

Մեկնաբանելով օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումը՝ քաղուած Դանիէլ Մարգարէին գիրքէն,  ուր մարգարէն կը խօսի Սեդրաքի մասին,  որ Աստուծոյ հաւատարիմ գտնուելուն պատճառաւ կրակին մէջ նետուեցաւ, ու հակառակ ասոր  Ան երբեք Աստուծոյ դէմ չի գանգատեցաւ, այլ շարունակեց Աստուած փառաբանել ըսելով   «Աստուած իմ   Դուն ես որ միշտ մեզ փրկեցիր,  սակայն դժբախտաբար մենք մեղանչեցինք» : 

Ֆրանչիսկոս Պապ  դիտել տուաւ, որ  թէ  ներումի ուղիին առաջին քայլը  մենք մեզ  մեղադրելն է  եւ ոչ թէ ուրիշները,  ընդգծելով որ այս մէկը  մաս կը կազմէ Քրիստոնէական իմաստութեան:

Նորին Սրբութիւնը  յորդորեց, խոստովանանքի խորհուրդի մօտենալ, ի միտ  ունենալով  Աստուծոյ մեզի  տուած անթիւ պարգեւները ու գիտակից ըլլաlով թէ ՝ մենք   դժբախտաբար  մեղանչեցինք  եւ Աստուած վիրաւորեցինք:  

Ան ապա  հրաւիրեց  չամչնալ ՝ Տիրոջ մեր  մեղքերը խոստովանելէ - որովհետեւ Տ էրը միշտ մեզ  կը ներէ ըսաւ Ան ու հաստատեց թէ  «որպէսզի Աստուծոյ ներումը մեր մէջ ներգործութիւն գտնէ մենք մեր կարգին պէտք ենք ներել ուրիշներուն, ինչ որ դիւրին իրողութիւն չէ» դիտել տուաւ  Սրբազան Հայրը մատնանշելով որ յաճախ « քէնութիւնը մեր սրտերուն մէջ բոյն կը շինէ ու թէ այդ մէկը   միշտ դառնութիւն կը պատճառէ»:  

Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզը եզրափակեց  զգուշացնելով ատելութեան ստրուկ դառնալէն ապա հաստատեց  թէ կան երկու իրողութիւններ,  որոնք  մեզ կ՝օգնեն հասկնալու   ներումի ուղին.  Առաջինը՝   Տէր  դուն մեծ ես սակայն դժբախտաբար ես մեղանչեցի, եւ  երկրորդ ,  քեզ կը ներեմ եօթանասուն անգամ եօթը,  պայմանաւ որ դուն ուրիշներուն ներես:








All the contents on this site are copyrighted ©.