2018-03-06 08:38:00

ՄԱԿ Մարդասիրական օժանդակութեան կարաւանի մը արեւելեան Ղութա մուտք գործելը յայտարարեց։


ՄԱԿ յայտարարեց, որ մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող կարաւան մը մուտք գործած է Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մօտ գտնուող Արեւելեան Ղութա շրջանը:

Ըստ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան, Սուրիական կարմիր մահիկը 247 թոն մարդասիրական օժանդակութիւն մտցուցած է Արեւելեան Ղութա:

Միջազգային կարմիր խաչի բանբեր Փաւել Քրիշիշիք երէկ «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում մը կատարելով հաղորդեց, որ 46 բեռնակառքերէ բաղկացած կարաւան մը մեկնած է Արեւելեան Ղութա:

Միւս կողմէ, ռուսական բանակը երէկ յայտնեց, որ Արեւելեան Ղութայի զինեալները մարդասիրական օժանդակութիւններու շրջան մուտքին դիմաց խոստացած են քաղաքայիններուն արտօնել իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններէն հեռանալ` օգտագործելով սուրիական բանակին կողմէ անցնող քանի մը օրուան ընթացքին տրամադրուած անվտանգ անցքերը:








All the contents on this site are copyrighted ©.