2018-03-06 10:26:00

Ճշմարի՛տ հարստութեան ետեւէ եղիր


Հիմակուան  տնտեսական սիստեմը խիստ եւ անարդար է։ Երիտասարդները գործ կը փնտռեն, բայց չեն գտներ։ Շատեր իրենց կեանքը վտանգի տակ կը դնեն, որպէսզի աւելի հարուստ երկիրներ փոխադրուին։ Աղքատութիւնը տարածուած է, նոյնիսկ հարուստ երկիրներու մէջ։ Հարուստները երթալէն աւելի կը հարստանան, իսկ աղքատները աւելի կ’աղքատանան։ Ըստ վերջին հաշիւներուն, երկրին բնակչութեան 1 առ հարիւրը աւելի դրամ ունի, քան՝ մնացեալ 99 առ հարիւրը միասնաբար։ Յստակ է թէ միլիառաւոր մարդիկ վերջին ծայր աղքատ են, մինչ ուրիշներ այնքա՛ն դրամ ունին, որ կրնան իրենց ապագայ սերունդներուն ալ հոգ տանիլ։ Յիսուս այս ցաւալի իրականութիւնը այսպէս յայտնեց. «Աղքատները ամէն ատեն ձեզի հետ ունիք» (Մար. 14։7)։ Ինչո՞ւ այս անարդարութիւնը կայ։

Յիսուս գիտէր թէ միայն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կրնայ փոխել այս աշխարհին վաճառական սիստեմը։ Սուրբ Գիրքը կը ցուցնէ թէ «վաճառականները», որոնք կը ներկայացնեն վաճառական սիստեմը, Սատանայի աշխարհին մէկ մասն են, ճիշդ քաղաքական սիստեմներուն պէս ։ Աստուծոյ ժողովուրդը կրնայ ինքզինք լման հեռու պահել քաղաքականութենէն եւ սուտ կրօնքէն։ Բայց անոնց մեծամասնութիւնը չի կրնար լման հեռու կենալ Սատանայի աշխարհին տնտեսական սիստեմէն։

Որպէս քրիստոնեաներ, պէտք է քննենք թէ ինչ կեցուածք ունինք աշխարհին վաճառական սիստեմին հանդէպ։ Կրնանք մենք մեզի հարցնել. ‘Ինչպէ՞ս կրնամ նիւթական բաներս գործածել, որ ցուցնեմ թէ Աստուծոյ հաւատարիմ եմ։ Ինչպէ՞ս կրնամ աւելի քիչ խառնուիլ վաճառական աշխարհին։ Ի՞նչ փորձառութիւններ կան, թէ Աստուծոյ ժողովուրդը լման կը վստահի իրեն այս դժուար պայմաններուն մէջ’։

Սուրբ Գիրքը կը յստակացնէ թէ վաճառականութիւնը Աստուծոյ նպատակին մաս չէր կազմեր։ Օրինակ, Աստուած Եդեմի պարտէզին մէջ պէտք եղածէն աւելի տուաւ Ադամին ու Եւային (Ծն. 2։15, 16)։ Յետագային, երբ Աստուած սուրբ հոգին տուաւ իր օծեալներուն, «անոնցմէ մէ՛կը չէր ըսեր իր ստացուածքներէն մէկուն համար, թէ՝ ‘իրն է’, հապա իրենց ամէն բաները հասարակաց կը սեպէին» ։ Եսայի մարգարէն ըսաւ որ ժամանակ պիտի գայ, երբ բոլոր մարդիկը ձրիաբար պիտի վայելեն երկրին բերքը (Եսա. 25։6-9. 65։21, 22)։

Յիսուսի առակին մէջ տնտեսը իր անձնական շահին համար բարեկամներ ըրաւ։ Բայց Յիսուս իր հետեւորդները քաջալերեց որ երկինքին մէջ բարեկամներ ընեն, առանց անձնական շահեր հետապնդելու։ Ան ուզեց որ հասկնանք թէ եթէ կ’ուզենք հաւատարիմ ըլլալ Աստուծոյ, պէտք է գիտնանք ի՛նչ կերպով գործածել անիրաւ դրամը։ Ինչպէ՞ս։

Օրինակ, մեր նիւթական բաներով մեր հաւատարմութիւնը փաստելու համար, կրնանք նուիրատուութիւններ ընել աղքատ ,չքաւոր եւ խեղճ անձերուն :  Հնդկաստանի մէջ աղջնակ մը պզտիկ գանձանակ ունէր, որուն մէջ դրամ կը դնէր։ Ան նոյնիսկ խաղալիք չէր գներ, որպէսզի անոր գինը գանձանակը դնէ։ Երբ գանձանակը լեցուեցաւ, ան դրամը տուաւ եկեղեցիին որ աղքատներուն ձիթապտուղի իւղ, պանիր եւ ուրիշ ուտելիքներ  գնեն :

Այս օրինակները կը ցուցնեն թէ Աստուծոյ ծառաները ինչպէ՛ս քիչ բանի մէջ հաւատարիմ են։ Անոնք իրենց նիւթական բաները կը գործածեն որ ուրիշներուն օգտակար դառնան։ Աստուծոյ զաւակները  ի՞նչ կը զգան այս զոհողութիւնները ընելով։ Անոնք կ’ըմբռնեն որ առատաձեռն ըլլալով՝ ճշմարիտ հարստութիւն կը շահին : Աւելի առատաձեռն եղած են ներելու մէջ, համբերելու մէջ եւ յուսախաբութիւններն ու խրատները ընդունելու մէջ։ Շատեր նկատած են թէ առատաձեռնութիւնը հոգեւորապէս օգնած է իրենց :

Երբ նիւթական բաները գործածենք Թագաւորութեան շահերը յառաջ տանելու համար, ասիկա կը ձգէ որ «խելացութիւնով» ուրիշներուն օգնենք որ ծառայեն։ Ուրիշներ նուիրատուութիւն ընելով՝ իրենց աւելին անոնց պակասութիւնը կը լեցնէ ։ Այսպիսով, թէ՛ տուողները եւ թէ ստացողները կրնան Աստուծոյ զաւակները  ըլլալ։

Նաեւ կրնանք Աստուծոյ  բարեկամը ըլլալ, շատ չխառնուելով վաճառական աշխարհին եւ ճշմարիտ հարստութեան ետեւէ ըլլալով։ Աբրահամ այսպէս ըրաւ։ Ան Աստուծոյ  հնազանդելով ձգեց հարուստ Ուր քաղաքը եւ վրաններու մէջ ապրեցաւ, քանի որ կ’ուզէր Աստուծոյ  բարեկամը ըլլալ (Եբ. 11։8-10)։ Ան միշտ վստահեցաւ Աստուծո՛յ, եւ ոչ թէ նիւթական բաներու ։ Յիսուս ուրիշները քաջալերեց որ այսպիսի հաւատք ունենան։ Անգամ մը, ան հարուստ երիտասարդի մը ըսաւ. «Եթէ կ’ուզես կատարեալ ըլլալ, գնա ունեցածդ ծախէ, տուր աղքատներուն ու երկինքը գանձ պիտի ունենաս եւ եկուր իմ ետեւէս» (Մատ. 19։21)։

Տիմոթէոս հաւատք ունէր։ Պօղոս զինք կոչեց «Յիսուս Քրիստոսի բարի զինուոր», եւ իրեն ըսաւ. «Զինուոր մը այս կեանքին գործառնութիւններովը չի զբաղիր, որպէս զի զօրավարին հաճոյ ըլլայ» (Բ. Տիմ. 2։3, 4)։ Ներկայիս, Յիսուսին հետեւորդները, իրենց լաւագոյնը կ’ընեն որ Պօղոսին խրատը գործադրեն։ Անոնք ականջ չեն կախեր այս ագահ աշխարհին ծանուցումներուն։ Սատանան կ’ուզէ որ մեր ամբողջ ժամանակով ու կորովով գերի ըլլանք իր վաճառական աշխարհին։ Կարգ մը մարդիկ մեծ պարտքերու տակ կը մտնեն որպէսզի տուն գնեն, ինքնաշարժ գնեն, ուսում առնեն կամ նոյնիսկ մեծ հարսանիքներ ընեն։ Եթէ ուշադիր չըլլանք, կրնանք տարիներով պարտքի տակ մնալ։ Իմաստութեամբ վարուած կ’ըլլանք երբ մեր կեանքը պարզացնենք, պարտքի առնելը թեթեւցնենք եւ աւելի քիչ դրամ ծախսենք։ Այսպիսով, ազատ պիտի ըլլանք Աստուծոյ ծառայելու, փոխանակ այս վաճառական աշխարհին գերին ըլլալու :

Երբ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գայ, այլեւս պէտք պիտի չունենանք վարձք տալու, պարտք առնելու, բժշկական ծախսեր ընելու։ Ուտելիքը ձրի ու առատ պիտի ըլլայ։ Ոսկին, արծաթը եւ գոհարները զարդարուելու համար պիտի գործածուին եւ ոչ թէ հարստանալու։ Շատ լաւ տեսակի տախտակներ, քարեր եւ մետաղներ ձրիօրէն մատչելի պիտի ըլլան գեղեցիկ տուներ շինելու համար։ Մեր բարեկամները մեզի պիտի օգնեն ոչ թէ դրամի համար, հապա քանի որ սրտանց կ’ուզեն օգնել։ Բոլո՛րս պիտի գործածենք ինչ որ երկիրը կ’արտադրէ։ Ասոնք բան մը չեն այն օրհնութիւններուն քով որ պիտի վայելենք, եթէ երկինքին մէջ բարեկամներ ընենք։ Աստուած  պաշտողները իրենց ուրախութենէն պիտի ցատկռտեն, երբ լսեն Յիսուս կ’ըսէ. «Եկէք իմ Հօրս օրհնածները, աշխարհի սկիզբէն ձեզի համար պատրաստուած թագաւորութիւնը ժառանգեցէք» (Մատ. 25։34)։

Հայր Գէորգ Եպսկ. Ասատուրեան       

 

    

    








All the contents on this site are copyrighted ©.