2018-03-06 12:09:00

Սուրբ Աթոռ. «Աշխարհի մէջ կրօնական ազատութիւնը միշտ աւելիով վտանգուած է»։


(Ռատիօ Վատիկան) ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ գերապայծառ Եուրքովիչ, անցեալ օրերուն իր մասնակցութիւնը բերելով ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնատեղիին մէջ մարդկային իրաւունքի խորհուրդի 37-րդ նիստին, վճռակամ դատապարտեց աշխարհի մէջ կրօնական ազատութեան իրաւունքի խախտումը ինչպէս նաեւ երիտասարդներու կրթութեան պակասի եւ ժողովուրդներու մշակութային ինքնութեան կորուստի վտանգը։

Այս առթիւ ունեցած ելոյթին մէջ գերապայծառ Եուրքովիչ մատնանշեց թէ բազմաթիւ երկիրներ կը մերժեն կրօնական ազատութիւնը ու շատ անգամ հալածանք կը կիրարկեն փոքրամասնութիւններուն դէմ, որդեգրելով այնպիսի օրէնքներ ու քաղաքականութիւններ որոնք կը սահմանափակեն հաւատքի ապրումը ու կրօնական ազատութիւնը եւ խտրականութիւն կը յարուցեն կրօնական փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ։

Այս առընչութեամբ գերապայծառ Եուրքովիչ հաստատեց թէ այն պետութիւններուն մէջ ուր կը խթանուին ծայրայեղական զգացումներ՝ կը յառաջանան նախապաշարումներ ու հակառակութիւններ ու յատկապէս կը վտանգուի երիտասարդներու կրթութիւնը։ Մինչ բաց ու կրօնի ազատութեան յարգանքի վրայ հիմնուած ընկերութիւն մը աւելի զօրաւոր է, որովհետեւ ընկերութեան անդամներու հիմնական համոզումները յարգելը նախապայման է մարդկային իրաւունքներու մշակոյթի մը կառուցումին» ըսած է գերապայծառ Եուրքովիչ քննադատելով նաեւ գաղափարական գաղութատիրութիւնները որոնք յաճախ վնաս կը հասցնեն ամենէն աղքատներուն ու տկարներուն։

Վատիկանի դիւանագէտը ապա հաստատեց թէ  «կրօնական ծաւալը մաս է ամէն մէկ ազգի ու ժողովուրդի մշակոյթին ու թէ այս մէկը անտեսելը կը նշանակէ մարդ անհատի նկատմամբ ունենալ սահմանափակ տեսութիւն ու կը նշանակէ նաեւ անկարելի դարձնել իսկական ու մշտական խաղաղութեան մը հաստատումը»։








All the contents on this site are copyrighted ©.