2018-03-06 09:10:00

329 հոգի ներառուած է խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակի թեկնածուներու ցուցակին վրայ


2018-ին 329 թեկնածու կը յաւակնի խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակին: «Արմէնփրես», յղում կատարելով «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին, կը հաղորդէ, որ այդ մասին կը յայտնէ Նորվեկիոյ Նոպելեան կոմիտէի կայքը, որ պատասխանատու է պարգեւի շնորհումին եւ յանձնումին համար:

Կոմիտէին մէջ կը ճշդեն, թէ պարգեւին կը յաւակնին 217 հասարակական գործիչներ եւ 112 կազմակերպութիւններ: Անցեալ տարի պարգեւին կը յաւակնէին 318 թեկնածուներ, որոնցմէ 215-ը անհատներ էին, իսկ 103-ը` հասարակական եւ միջազգային կազմակերպութիւններ:

Նոպելեան հիմնադրամի կանոններուն համաձայն, կոմիտէն անոնց անունները չի նշեր, որովհետեւ ատիկա գաղտնի կը պահուի 50 տարի:

Թեկնածուներու թիւը ներկայացնելէ ետք, Նոպելեան կոմիտէն պիտի շարունակէ աշխատիլ ընդհանուր ցուցակի մը վրայ եւ պիտի կրճատէ զայն: Այս կրճատումին լոյսին տակ, մինչեւ աշուն կրնան մնալ 5-էն մինչեւ 20 թեկնածուներ: Բայց թէ յատկապէս ո՛վ պիտի ստանայ մրցանակը, յայտնի պիտի դառնայ հոկտեմբերին, երբ Նոպելեան կոմիտէն պաշտօնապէս կը յայտարարէ դափնեկիրներուն անունները կամ դափնեկիրին անունը: Մրցանակի յանձնումի արարողութիւնը միշտ տեղի կ՛ունենայ դեկտեմբերին:

2017-ին Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակը յանձնուած էր Հիւլէական զէնքի արգիլման միջազգային արշաւին:








All the contents on this site are copyrighted ©.