2018-03-05 08:52:00

Ֆրանչիսկոս Պապին այցը Սանդ Էճիտիօ հասարակութեան հիմնադրութեան 50րդ ամեակին առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն միջոցաւ  տեղեկացուց թէ յառաջիկայ կիրակի 11 մարտ 2018-ին, յետմիջօրէի 16.30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յատուկ այցելութիւն պիտի կատարէ Սանդ Էճիտիօ հասարակութեան կեդրոնատեղիին, որ կը գտնուի Հռոմի Թրասթեվերէ թաղամասին մէջ։

Ի լուր վերոնշեալ յայտարարութեան Սանդ Էճիտիօ հասարակութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Քահանայապետին՝  տեղեկացնելով թէ երախտապարտութեամբ կը սպասէ Նորին Սրբութեան ժամանումին։ Սրբազան Հօր Սանդ Էճիտիօ հասարակութեան հետ հանդիպումը տեղի  պիտի ունենայ Փիացցա Սանթա Մարիա Ին Թրասթեվերէ շրջափակին մէջ, ուր Ան ներկաներուն պիտի ուղղէ իր պատգամը ու պիտի գլխաւորէ ժամասացութեան արարողութիւնը։

Հանդիպումին ներկայ պիտի գտնուին՝ բացի աշխարհի տարբեր վայրերէն ժամանած  հասարակութեան ներկայացուցիչներ, հասարակութեան կողմէ խնամուած գաղթականներ, տարեցներ, ու «խաղաղութեան դպրոց»ներու մանուկներ, ինչպէս նաեւ աղքատներ եւ տնանկներ - նշուած է Սանդ Էճիտիօ հասարկութեան կողմէ հրապարակուած մէկ հաղորդագրութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.