2018-03-05 10:21:00

Վիեթնամի եպիսկոպոսներուն հնգամեայ կանոնական այցը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։


(Ռատիօ Վատիկան)  Երկուշաբթի 5 մարտ 2018-ին, Վիեթնամի եպիսկոպոսները, Սուրբ Պետրոսի յաջորդին կանոնական հնգամեայ այցելութեան առթիւ, ժամանեցին Վատիկան։

Վեիթնամի Հանրապետութիւնը ունի 330, 967 քմ քառակուսի տարածք եւ 91 միլիոն 713 հազարէ աւելի բնակչութիւն որուն մեծամասնութիւնը՝  48 առ հարիւրը, կը հետեւի Պուտտայական կրօնքի, մինչ քրիստոնեաները կը կազմեն բնակչութեան 8 առ հարիւրը՝ որոնց 7.4 առ հարիւրը կաթողիկէ են։ Բնակչութեան 20 առ հարիւրը ինքզինք անաստուած կը համարէ։

Վիեթնամի կաթողիկէ եկեղեցին կազմուած է 3 աւագ թեմերէ եւ 23 թեմերէ։ Առ այժմ գոյութիւն չունին Վատիկանի ու Վիեթնամի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ, թէեւ 2011 էն ի վեր Սուրբ Աթոռը ունի՝ Վիեթնամի մօտ իր ներկայացուցիչը։

Քրիստոնէութիւնը երկիրն մէջ մուտք գործած է 16 դարուն Տոմինիքեան Ֆրանչիսկեան եւ Յիսուսեան միաբանութիւններու քարոզութեամբ։ Վիեթնամի եկեղեցւոյ պատմութիւնը յատկանշուած է մարտիրոսութեամբ ու հալածանքներով։ 17րդ  դարէն մինչեւ 19-րդ դար Վիեթնամի մէջ լոյս տեսան քրիստոնեաներուն դէմ  53 օրէնքներ որոնք պատճառեցին 130 հազար զոհ, որոնցմէ 117ն արժանացան խորաններու պատուոյն։

80-ական թուականներուն Հանոյի տիրապետութիւնը սկսաւ փոխել իր ընթացքը ու վարուելակերպը որուն արդիւնքով  25 յունուար 2007-ին Պենետիկտոս Վաստակաւոր Քահանայապետը Վատիկանի մէջ ընդունեց Վիեթնամի այդ ժամանակուայ վարչապետը, ապա անոր յաջորդեցին այլ հանդիպումներ, մինչ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 2016-ին ընդունեց Վիեթնամի նորընտիր նախագահը։

Այսուհանդերձ Վիեթնամի մէջ կրօնի ազատութիւնը տակաւին կը մնայ սահմանափակ ու հակառակ ասոր Կաթողիկէ Եկեղեցին իր 7 միլիոն հաւատացեալներով ու 5 հազար քահանաներով ոգեւորութեամբ կը կը շարունակէ իր աշխատանքը, յատկապէս մարդասիրական, առողջապահական  ու դաստիարակչական մարզերէն ներս։

Կաթողիկէ եկեղեցին յանձնառու է նաեւ միջ-կրօնական երկխօսութեան գործընթացին մէջ։

Նշենք թէ այսօր 5 մարտի առաւօտեան՝ Վիեթնամի եպիսկոպոսները յատուկ հանդիպում ունեցան Ֆրանչիսկոս Պապին հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.