2018-03-05 09:22:00

Վատիկանի մԷջ Գրիգոր Նարեկացիի արձանի բացումը պիտի կատարուի


Վատիկանի մԷջ պիտի բացուի 10-րդ դարու հայ բանաստեղծ, փիլիսոփայ եւ աստուածաբան Գրիգոր Նարեկացիի արձանը:

Արարողութեան, որ ծրագրուած է 2018 Ապրիլ 5-ին, պիտի մասնակցի Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոսը, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ը, ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանը: Այս մասին  կը յայտնէ The Armenianweekly-ն:

Արարողութեան մանրամասնութիւնները քննարկելու համար Վատիկան  ուղեւորուած են Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Ս. Արքեպիսկոպոս Պարսամեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժինի տնօրէն Տ. Շահէ վարդապետ Անանեան:

Նարեկացին սրբադասուած է ո՛չ միայն հայ առաքելական, այլեւ՝ կաթոլիկ եկեղեցւոյ կողմէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.