2018-03-05 09:40:00

Ամերեան եւ Աշուանեան Լոս Անճելըսի գերագոյն ատեանի դատաւոր կը նշանակուին


Հայ իրաւաբանական միութիւնը կը հաղորդէ, թէ Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Ճերի Պրաուն Երեքշաբթի, Փետրուար 27 թուակիր մամլոյ հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուցած է, թէ միութեան երկարամեայ անդամներէն Մայքըլ Ամերեան եւ Էյմի Աշուանեան նշանակուած են Լոս Անճելըսի Գերագոյն ատեանի դատաւորներ, կը հաղորդէ “Ասպարէզ”-ը։

43-ամեայ Մայքըլ Ամերեան 2003-էն սկսեալ եղած է Լոս Անճելըս քաղաքի դատախազի տեղակալ, իսկ աւելի կանուխ աշխատած է Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային ատեանի դատաւոր Տիգրան Թեւրիզեանի գրասենակը։ Ան իրաւաբանի վկայականը ստացած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանէն։

46ամեայ Էյմի Աշուանեան 2005-էն սկսեալ եղած է Լոս Անճելըս քաղաքի դատախազի տեղակալ, 2004-5-ին աշխատած է «Եղիայեան եւ գործընկերներ» փաստաբանական գրասենեակը, իսկ 2014-էն ի վեր կը դասաւանդէ Կլենտէյլի իրաւաբանական համալսարանին մէջ։ Ան իրաւաբանի վկայականը ստացած է Կլենտէյլի իրաւաբանական համալսարանէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.