2018-03-04 12:28:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 4 Մարտի Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի՝ 4 Մարտ 2018-ի կէսօրին, աւանդութեան համաձայն, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Մարեմեան Աղօթքը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ բազմահազար ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանեց օրուան աւետարանական ընթերցուածը, քաղուած Յովհաննէսի Աւետարանիչէն (Գլ 2, 13-25), ուր կը խօսուի Երուսաղէմի Տաճարին մէջ պատահած այն դէպքի մասին երբ Յիսուս այնտեղէն կը վտառէ վաճառականներն ու լումայափոխները։

Յիսուս արդարեւ պարաններով խարազան մը շինեց եւ ամէնքը դուրս հանեց տաճարէն, տապալեց լումայափոխներու սեղանները ու ցրուեց անոնց դրամները, ու բոլորը յանդիմանեց որ «իր Հօր տունը վաճառքի տունի չի վերածեն»։

Յիսուսի այս վճռակամ արարքը, ըսաւ Քահանայապետը, մեծապէս ազդեց ամբոխին վրայ ու հրահրեց կրօնական իշխանութիւններու դիմադրութիւնը, որոնց տնտեսական շահերը վտանգուած էին։

Յիսուսին այս արարքը մեկնաբանելու համար, որով Ան ուզեց մաքրել Աստուծոյ տունը, աշակերտները կը դիմեն Աստուածաշունչի մէկ խօսքին, որով կը հասկնան անոր իմաստը «Տանդ նախանձը պիտի ուտէ զիս»։

«Այս Սաղմոսը օգնութեան կոչ մըն է, երբ կը գտնուինք յետին սպառնալիքի տակ, մեր թշնամիներու ատելութեան պատճառաւ, նոյնը որ Յիսուս ապրեցաւ իր չարչարանքներուն ընթացքին» յարեց Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ Յիսուսին նախանձը զինք պիտի մղէ մինչեւ խաչ, նախանձ որ սէր է՝ մինչեւ զոհաբերում։

Արդարեւ Յիսուս հրեաներուն որպէս նշան Ւր ունեցած իշխանութեան կ՛ըսէ « Քանդեցէք այս տաճարը եւ ես երեք օրէն կը վերականգնեմ զայն»։ Յովհաննէս սոյն հատուածը կը մեկնաբանէ ըսելով որ «Յիսուս իր մարմնի տաճարին մասին էր որ կը խօսէր»։ 

«Սուրբ Զատիկով Յիսուս սկիզբ կու տայ նոր պաշտամունքի մը՝ սիրոյ պաշտամունքը, որուն նոր տաճարը նոյնինքն Յիսուսն է» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ  դիտել տալով թէ աւետարանական այս հատուածը մեզ կը խրախուսէ մեր կեանքը ապրելու, ոչ թէ մեր շահերուն համար այլ Աստուծոյ փառքին համար՝ որ է սէրը։

Մեր մտքին մէջ միշտ ունենալու ենք Յիսուսին խօսքերը «Հօրս տունը վաճառքի վայր մի վերածէք» ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ Յիսուսին այդ խօսքերը միշտ այժմէական են ոչ միայն եկեղեցական հասարակութիւններուն համար այլեւ քաղաքացիական հասարակութիւններուն եւ ընկերութեան համար։

Յիսուսին այդ զօրեղ արարքը արդարեւ շարժելու է մեր խիղճերը, որպէսզի խուսափինք այդ մահացու վտանգէն ու ջանանք հրաժարիլ շահագործումի փորձութիւններէն ու Աստուծոյ վերապահենք այն ինչ որ Իրեն կը պատկանի - յարեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը հայցելով Սուրբ Կոյսին բարեխօսութիւնը  որպէսզի մեզի թիկունք կանգնի այն առաջադրանքին մէջ՝ քառասնորդացը դարձնելու բարի առիթ  Աստուած ճանչնալու որպէս մեր կեանքին միակ Տէրը, մեր սրտերէն վտարելով կռապաշտութեան որեւէ մի ձեւ» հրաւէր ուղղեց Սրբազան Պապը եւ արտասանեց Մարեմեան աղօթքը որմէ ետք ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները հուսկ հրաժեշտ առնելով անոնցմէ բոլորին մաղթեց բարի կիրակի եւ խնդրեց որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.