2018-03-03 09:34:00

Ողորմածութեան «Ուրբաթ օր» ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Հռոմի "Casa di Leda" կեդրոնը


(Ռատիօ Վատիկան) Ընդառաջելով Ֆրանչիսկոս Պապին  խնդրանքին, ողորմութեան արտակարգ յոբելեաենի առթիւ ընթացք առած Ողորմածութեան «Ուրբաթ օրեր» ձեռնարկը տակաւին կը շարունակուի։ Ձեռնարկին նպատակն է նեցուկ կարգնիլ դժուարին պայմաններուն մէջ ապրող եւ ընկերութեան կողմէ անտեսուած  եւ մեկուսացուած վիճակի  մէջ գտնուող անձերուն:    

Ուրբաթ, 2 մարտ 2018-ին՝ յետմիջօրէի 4,00-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ,  ընկերակցութեամբ նոր Աւետարանումի խորհուրդի նախագահ գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլային անակնկալ այցելութիւն տուաւ  Հռոմի  «Էուր» շրջանին մէջ գտնուող «Քազա Տի Լետաօ» անուան բարեսիրական կեդրոնին , ուր հիւրընկալուած են ազատազրկուած բանտարկեալ կիներ իրենց անչափահաս զաւակներով :

Կեդրոն ժամանումին Ֆրանչիսկոս Պապ  մեծ հմայքով ու ուրախութեամբ դիմաւորուեցաւ կեդրոնի  հիւրերուն՝ մայրերու ու անոնց փոքրիկներուն կողմէ ինչպէս նաեւ  կեդրոնի մէջ ծառայող պաշտօնեաներուն կողմէ :

Նշենք թէ վերոնշեալ բարեսիրական կեդրոնին մէջ կը գտնուին  25-էն – 30 տարեկան հինգ մայրեր իրենց զաւակներով,  որոնց  հետ Ֆրանչիսկոս Պապ  առիթ ունեցաւ զրուցելու ու փոքրիկներուն հետ խաղալու անոնց նուիրելով  Սուրբ Զատկուայ հաւկիթներ:  

Մանուկները   իրենց կարգին Ֆրանչիսկոս  Պապին հրաւիրեցին  նախընթրիքի:  Մինչ բանտարկեալ  մայրերը Նորին Սրբութեան շնորհեցին  կեդրոնին մէջ պատրաստուած   նուէրներ:  

Սրբազան Հօր հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին  կեդրոնի հիւրերը երախտագիտութեամբ արտայայտուեցան   բարեսիրական կեդրոնի  մասին  որուն մէջ  հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն հնարաւորութիւնը ունին  իրենց զաւակները մեծցնելու:

Անակնկալ այցելութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ կեդրոնի մայրերուն շնորհեց մի քանի նուէրներ,որոնց շարքին  կեդրոնի տուած այցելութեան առ յիշատակ    իր ստորագրութիւն կրող մագաղաթ մը:

Ֆրանչիսկոս Պապին «ողորմութեան ուրբաթ օր» ծրագրին մաս կազմող վերոնշեալ   այցելութիւնը վերջ գտաւ ժամը 5,00ին, որմէ ետք Ան վերադարձ  կատարեց Վատիկանի  Սանթա Մարթա իր նստավայրը:








All the contents on this site are copyrighted ©.