2018-03-03 08:34:00

7 - 9 մարտին Եւրոպայի եպիսկոպոսները կ՛ընտրեն համահաւաք դասի նոր նախագահը։


(Ռատիօ Վատիկան) Եւրոմիութեան եպիսկոպոսներու համահաւաք դասերու պատուիրակները, յառաջիկայ 7էն  - 9 մարտին, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունենալիք լիագումար նիստի ընթացքին պիտի ընտրեն Եւրոպայի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու խորհուրդի նախագահը եւ չորս փոխ նախագահները։

Նորընտրեալ նախագահական կազմը պիտի ընտրուի 5 տարուայ տեւողութեամբ՝ 2018էն մինչեւ 2023։ Նոր ընտրեալ նախագահը պիտի յաջորդէ Կարդինալ Ռէյնարտ Մարքսին որ այդ պաշտօնը վարեց 2008էն մինչեւ 2018։

Բացի նախագահական կազմէն, լիագումար նիստի ընթացքին պիտի ընտրուին նաեւ համահաւաք դասերու խորհուրդի զանազան յանձնաժողովներու նախագահները որոնց շարքին՝ ընկերային հարցերու, Իրաւական հարցերու, ու Սրտագին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահները։

Դռնփակ հաւաքի ընթացքին եպիսկոպոսները պիտի քննարկեն նաեւ իրենց առաքելութեան հայող հարցեր ու Եւրոմիութեան հետ երկխօսութեան գործընթացին հայող հարցերը։

Այս առընչութեամբ 7 մարտին Վատիկանի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար գերապայծառ Փոլ Կալլակէր զեկոյց պիտի ներկայացնէ ժողովականներուն, ապա 9 մարտին Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար՝ Ֆետերիքա Մոկերինի եպիսկոպոսներուն պիտի ներկայացնէ Եւրոպայի  աշխարհաքաղաքական հարցերու հայող մարտահրաւէրները։

Լիագումար նստի առթիւ հինգշաբթի 8 Մարտ 2018-ի երեկոյեան «Notre-Dame du Sablon» եկեղեցւոյ մէջ նախատեսուած է նաեւ Եւրոպայի համար Սուրբ պատարագ որուն առթիւ տեղի կ՛ունենայ  իշխանութեան անցքը՝ հին ու նոր նախագահի միջեւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.