2018-03-01 11:00:00

Սլովենիայի եպիսկոպոսներուն հնգամեայ կանոնական այցը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։


(Ռատիօ Վատիկան)  Հինգշաբթի 1 մարտ 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց՝ Նիքարակուայի Սուրբ Աթոռի մօտ նորանշանակ դեսպան՝ Տիկ Էսթէր Մարկարիթա Քարպալլօ Մատրիկալը, հաւատարմագրերու ներկայացումին առթիւ, ապա ընդունեց Աստուածային պաշտամունքի ու խորհուրդներու մատակարարման ժողովի կառավարիչը կարդինալ Ռոպերթ Սարան հուսկ ունկնդրութիւն շնորհեց  Սլովենիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամներուն որոնք ուխտագնացութեամբ ժամանած են Հռոմ իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։

Նշենք թէ սոյն կանոնական այցելութիւնները առիթ են՝ որպէսզի տեղական եկեղեցիները Սուրբ Աթոռի զանազան գրասենեակներու հետ այս առթիւ ունեցած հանդիպումներու ընթացքին, բացայայտեն իրենց ծուխերուն առաքելական գործընթացը ու միեւնոյն ատեն օգնութիւններ ու թելադրանքներ ընդունին Վերին Իշխանութեան պատասխանատուներէն։

Հնգամեայ կանոնական այցելութեան ծիրէն ներս եպիսկոպոսները հանդիպում կ՛ունենան նաեւ Քահանայապետին հետ վերահաստատելու համար իրենց հաղորդութիւնը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին հետ։

Սլովենիան ունի 20 հազար 273 քմ քառակուսի տարածութիւն եւ 2 միլիոնէ աւելի բնակչութիւն, որուն մեծամասնութիւնը՝ 74 առ հարիրը կաթողիկէ են, ապա կան փոքրամաս հասարակութիւններ,  օրթոտոքս,  իսլամ եւ բողոքական, մինչ բնակչութեան 10 առ հարիւրը ինքզինք անաստուած կը հռչակէ։

Սլովենիայի Կաթողիկէ եկեղեցական կառոյցը ունի մէկ աւագ թեմ եւ չորս պարզ թեմեր, ինչպէս նաեւ  800 ժողովրդապետութիւններ։

Քրիստոնէութիւնը մուտք գործած է Սլովենիա՝ Հռոմէական կայսրութեան ընթացքին, Բ եւ Գ դարերուն ու այդ աւետարանութեան գլխաւոր դերակատարներէն մին եղած է Սան Վիթթորինոն որ նահատակուած է 303 թուականին։

Միջնադարեան շրջանին Սլովենիա կ՛ապրի կրօնական, մշակութային ընկերային եւ տնտեսական ծաղկում՝ յատկապէս կրօնական հասարակութիւններու ներդրումներու հետեւանքով, որոնց շարքին Պենետիկտեան, Տոմինիքեան եւ Ֆրանչիսկեան միաբանութիւնները ու յետագային Յիսուսեան եւ Քափփուչին միաբանութիւնները։ 

20-րդ դարուն սկիզբը՝ առաջին աշխարհամարտէն ետք Եուկոսլավիայի թագաւորութեան ծնունդով եկեղեցին կ՛ապրի դժուար տարիներ, յատկանշուած հարստահարումներով ու որոշ հալածանքներով, որոնց վերջ կը դրուի 1935-ին Սուրբ Աթոռի եւ Եուկոսլավիայի թագաւորութեան միջեւ ստորագրուած համաձայնութեամբ, որով Կաթողիկէ Եկեղեցւոյն կը շնորհուի «կանոնական իրաւասութիւն» ու եպիսկոպոսներուն իրենց առաքելութիւնը կատարելու լիիրաւ իրաւունք։ 

1946 – 1991 համայնավար վարչատիրութեան շրջանին, Եկեղեցին դարձեալ կապրի ճնշումի ու հալածանքի տարիներ մինչեւ Սլովենիայի անկախութեան հռչակումը՝ 13 Յունուար 1992-ին։

1993-ին կը հիմնուի Սլովենիայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը։ Ապա 1996-ի՝ 17-19 Մայիսին, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը առաքելական առաջին այցելութիւն մը կը կատարէ երկրին ու այդ այցելութիւնը կը կրնկէ 1999-ի սեպտեմբեր 19-ին։

2001-ին կը ստորագրուի Սլովենիայի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ պայմանագիրը որ Սլովենիայի խորհրդարանի կողմէ կը վաւերացուի 2004 թուականին։ 

 

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.