2018-03-01 09:42:00

ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարը կ՛աջակցի Արցախի տագնապի խաղաղ կարգաւորման


ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի ներկայացուցիչ Զոհրաբ Մնացականեան Փետրուար 27-ին հանդիպում մը ունեցած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կիւթերեշի հետ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութիւնը այս մասին կը հաղորդէ. «Հանդիպման ընթացքում դեսպան Մնացականեանը ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարին փոխանցեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի եւ արտաքին գործոց նախարարի ջերմ ողջոյնները: Այնուհետեւ, դեսպանը հանգամանալից ներկայացրեց Ֆրանքոֆոնիայի երեւանեան գագաթաժողովի նախապատրաստական ընթացքը եւ գագաթաժողովի շրջանակներում նախատեսուած միջոցառումները»:

Կիւթերեշ ողջունած է ֆրանսախօս երկիրներու գալիք վեհաժողովը Երեւանի մէջ կատարելու որոշումը՝ վերահաստատելով Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան եւ Հայաստանի հետ ՄԱԿ-ին շարունակաբար աճող համագործակցութեան ամրապնդման սատարելու իր յանձնառութիւնը:

Դեսպան Մնացականեան ու ընդհանուր քարտուղար Կիւթերեշ կարծիքներ փոխանակած են ՄԱԿ-ի եւ անոր կառոյցներուն միջոցաւ գործակցութիւնը սերտացնելու վերաբերեալ, իսկ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը վերահաստատած է ՄԱԿ-ի շարունակական աջակցութիւնը Ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահութեան շրջանակներուն մէջ եւ անոնց առաջարկութիւններուն հիման վրայ:








All the contents on this site are copyrighted ©.