2018-03-01 10:08:00

Կարդինալ Փարոլինի նամակը «ամոքիչ բժշկութիւն» համագումարի մասնակիցներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 28 փետրուար 2018-ին, Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Ֆրանչիսկոս Պապին անունով նամակ մը յղեց կեանքի ի նպաստ Քահանայապետական ժողովին կողմէ կազմակերպուած «ամոքիչ բժշկութեան» մասին համագումարի մասնակիցներուն որուն մէջ  Ան  ընդհանուր ակնարկ կատարելէ ետք  գիտաժողովին  նիւթերուն մասին  յայտնեց որ այդ նիւթերը  կը հային  երկրաւոր կեանքի եզրափակիչ պահերուն,  ու անդրադարռնալով ամոքիչ խնամքին, նշեց թէ ան նախ եւ առաջ կը կայանայ ուրիշը խնամելու մէջ եւ թէ այդ մէկը պէտք է յարատեւ կատարուի՝   դարմանել,  նոյնիսկ եթէ  կարելի չէ միշտ  բուժել – գրեց  Ծիրանաւորը,  նկատել տալով որ  ամոքիչ խնամք կը նշանակէ  հիւանդը երբեք   մինակ չի լքել  այլ՝   նեցուկ կանգնիլ անոր   ու ընկերանալ ՝ մինչեւ կեանքի վերջին պահը:

Այդ է բժշկութեան իսկական կոչումը « միշտ դարմանել՝ նոյնիսկ եթէ միշտ կարելի չէ բուժել» գրեց Կարդինալ Փարոլին  շեշտը դնելով  «սահման» բառին իմաստին վրայ,  որ կը փորձարկուի կեանքի եզրափակիչ վերջին պահուն, ուր կայ  անձկութիւն եւ ընդվզում, հաստատելով որ  ամոքիչ խնամքը կը փաստէ թէ  «սահման»ը  պէտք է նաեւ ընդունուի  ոչ այլեւս  որպէս առանձնութեան եւ  բաժանումի  վայր՝ այլ որպէս հանդիպումի վայր: 

Կարդինալ Փարոլին  նամակը աւարտեց  յորդորելով շարունակել մտածել ամոքիչ խնամքի օգտագործումին ու  անոր տարածումին մասին,  հուսկ խիստ  կարեւոր նկատեց կրօններու եւ մշակոյթներու ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը այսպիսի համագումարներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.