2018-03-01 12:13:00

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը «Սուրիոյ մէջ միջազգային իրաւունքի խախտում»


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 28 փետրուար 2018-ին, եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը յայտարարութեամբ մը դատապարտած է Սուրիոյ մէջ վերջերս տեղի ունեցող ողբերգական բռնութիւններն ու ռազմավարական գործողութիւնները, որոնց պատճառաւ արձանագրուած են աւելի քան 500 զոհ ՝ որոնց շարքին 130 մանուկներ, տարեցներ ու կիներ եւ կան նաեւ աւելի քան 2500 վիրաւորներ։

Համաշխարհային  եկեղեցիներու խորհուրդը հրապարակած  հաղորդագրութեան մէջ   զարմանք ու մտավախութիւն  յայտնած է  այն իրողութեան համար  որ հակառակ՝ անցեալ 24 փետրուար 2018-ին- ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդի կողմէ որդեգրուած՝  թիւ 2401 բանաձեւին տակաւին չեն դադրած  ռմբակոծումները։  

Խորհուրդը ապա անընդունելի նկատած է  Սուրիոյ մէջ քաղաքացիներու դէմ կատարուած  ռազմավարական գործողութիւնները  ինչպէս նաեւ ժողովուրդին՝ մարդկային օգնութիւններ տրամադրելու արգելք հանդիսանալը,  այս մէկը  համարելով միջազգային մարդկային իրաւունքներուն խախտում։    

ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդէն ինչպէս նաեւ Սուրիոյ ու տարածաշրջանին մէջ կարեւոր դեր ունեցող երկիրներէն խնդելով որ  անմիջապէս դադրեցնեն Կութայի արեւելեան շրջանի  եւ Աֆրինի մէջ տեղի ունեցող բախումները:  Եկեղեցիներուն  համաշխարհային խորհուրդը  յորդոր ուղղած է  միջազգային ընտանիքին, ճնշում բանեցնելու այդ ուղղութեամբ:  

«Կ՝աղօթենք բոլոր անոնց,  որոնք Սուրիոյ մէջ կը տառապին  բռնութիւններու եւ հակամարտութիւններու պատճառաւ   ինչպէս նաեւ թիրախ են անարդարութիւններու,  սրտով  նեցուկ կը կանգնինք  բոլոր անոնց որոնք միջազգային ընտանիքի կողմէն՝ մոռցուած կը զգան» գրուած  է հաղորդագրութեան մէջ  որուն  աւարտին    Եկեղեցիներու համաշխարհային  խորհուրդը  խնդրած է  Աստուծոյ  մխիթարութիւնը բոլոր անոնց համար որոնք  կ՝ողբան իրենց սիրելիներու կորուստը, ապա  զօրակցութիւն յայտնած է Սուրիոյ տառապող  ժողովուրդին -  այն  յոյսով որ Ան  կարենայ ձեռքբերել ազատութիւնն ու  մարդկային արժանապատուութիւնը: 








All the contents on this site are copyrighted ©.